Ինչպէ՛ս «Թումօ»-ն կը կերտէ Հայաստանի ապագան

ԹՈՒՄՕ

Երեւանի մէկ կեդրոնէն մինչեւ համաշխարհային շարժում

Երբ 2011-ին Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Թումօ»-ի առաջին կեդրոնը, անիկա մէկ շէնքի մէջ կատարուող փորձարկում մըն էր՝ պատանիներուն անվճար հասանելիութիւն ընձեռելու համաշխարհային մակարդակի արհեստագիտութեան եւ ձեւաւորման (տիզայն) կրթութեան՝ պարզապէս տեսնելու համար, թէ անոնք ի՛նչ կրնան ստեղծել: 15 տարի ետք, այդ փորձարկումը վերածուած է աշխարհի ամէնէն ճանչցուած կրթական ձեւաչափերէն մէկուն, որ ամէն շաբաթ կը ներգրաւէ աւելի քան 35.000 պատանի եւ ունի աւելի քան 100.000 շրջանաւարտ:

Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած ձեւաչափ մը 

Հայաստանի մէջ սկիզբ առած այս նախաձեռնութիւնը հոն չսահմանափակուեցաւ: «Թումօ»-ի մօտեցումը այնքան արդիւնաւէտ յայտնուեցաւ, որ արտասահմանի քաղաքներն ու կառավարութիւնները փափաքեցան զայն կիրարկել նաեւ իրենց երիտասարդներուն համար: Այսօր ցանցը կ՚ընդգրկէ 14 երկիր՝ կեդրոններ ունենալով Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Փորթուկալի, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Նետերլանտներու, Ալպանիոյ, Արժանթինի, Ուրուկուայի, Ղազախստանի, Հնդկաստանի, Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ամերիկեան առաջին կեդրոնը բացուեցաւ Լոս Անճըլըս։

Նման տարողութիւնը ուշագրաւ է երեք միլիոնէ պակաս բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ ծնունդ առած ծրագրի մը համար: «Թումօ»-ն դարձած է աշխարհին արտածուած հայկական հաստատութեան հազուագիւտ օրինակ մը՝ կրթական ձեւաչափ մը, որ այժմ այլ ազգեր կ՚որդեգրեն, կ՛ուսումնասիրեն եւ կը կատարելագործեն:

Աշխարհասփիւռ հայութեան համար, որ վարժուած է տաղանդներու դէպի դուրս արտահոսքին, «Թումօ»-ն կը ներկայացնէ բոլորովին տարբեր իրողութիւն մը. Երեւանի մէջ յղացուած գաղափար մը, որմէ սորվելու կու գայ մնացեալ աշխարհը:

Հայաստանը կը մնայ ծրագրին սիրտը 

Հակառակ իր համաշխարհային աճին՝ Հայաստան կը մնայ այն վայրը, ուր «Թումօ»-ն ունի մեծագոյն նշանակութիւնը, եւ ուր անոր առաքելութիւնը ամէնէն հրատապն է: Երկրի ապագան աճող համեմատութեամբ կախեալ է արհեստագիտութեան վրայ յենող տնտեսութենէ մը, իսկ այդ տնտեսութիւնը կախեալ է սերունդէ մը, որ զինուած է զայն կերտելու գիտելիքներով: «Թումօ»-ի անվճար ու համընդհանուր հասանելի մօտեցումը մշակուած է այնպէս, որ ոչ մէկ պատանի զրկուի այդ հնարաւորութենէն միայն իր ապրած վայրին կամ ընտանիքին նիւթական միջոցներուն պատճառով:

Ահա թէ ինչո՛ւ ծրագրին ընդլայնումը հայրենիքին մէջ կը մնայ գլխաւոր առաջնահերթութիւն: Հայաստանեան ցանցը ներկայիս կ՚ընդգրկէ վեց կեդրոն եւ աւելի քան 40 «Թումօ-տուփ»՝ փոքրածաւալ արբանեակային կայաններ, որոնք այս կրթական ձեւաչափը կը հասցնեն հեռաւոր քաղաքներ ու գիւղական համայնքներ: Առատաձեռն բարերարներու շնորհիւ, Մասիսն ու Վանաձորը եւս շուտով պիտի հարստանան նոր կեդրոններով: