Ֆիտան. «Հայաստանն ու Ազերպայճանը կ՚ընթանան դէպի մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիր»
Screenshot
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազերպայճանը կ՚ընթանան դէպի մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիր:
“Կովկասի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութենէն ետք, կը յուսանք, որ այժմ գոյութիւն ունի հրադադար մը, որ լաւ կը գործէ”,– նշած է թրքական դիւանագիտութեան պետը: Ան աւելցուցած է, որ Անգարան կը զօրակցի երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուող խաղաղութեան այս հոլովոյթին՝ շեշտելով, որ այս գործընթացին աջակցելով, իրենք նկատի կ՚առնեն շրջանային անվտանգութեան եւ տնտեսական ճարտարապետութեան հեռանկարը:
Յիշեցնենք, որ Անգարայէն բազմիցս յայտարարած էին, թէ պատրաստ պիտի ըլլան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միայն այն ատեն, երբ Հայաստանն ու Ազերպայճանը ստորագրեն վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիր: Թէեւ Երեւանն ու Անգարան վերջին տարիներուն կը յայտնեն, թէ պատրաստ են վերականգնելու իրենց յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու, այնուամենայնիւ թրքական կողմը բնաւ չէ թաքցուցած, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները ուղղակիօրէն շաղկապուած են հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան կարգաւորման հետ:
