Իրանի եւ Ազերպայճանի միջեւ դիւանագիտական զարգացումները՝ պատերազմի ստուերին տակ

Իրան-Ազերպայճան

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան Օգոստոս 8-ին լրագրողներուն յայտնած է, որ 2026-ի սկիզբը ամերիկա-իսրայէլեան միացեալ պատերազմի ամէնէն բուռն շրջանին, Ազերպայճանը թէ՛ տրամադրած է իր սեփական օգնութիւնը, եւ թէ՛ աջակցած է, որպէսզի ռուսական օգնութիւնը երկիր հասնի:

Յիշեցնենք, որ Իրանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յաճախակիօրէն լարուած յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի սաստկացած էին պատերազմի օրերուն, երբ Մարտ ամսուն անօդաչու սարքեր հարուածած էին Ազերպայճանի Նախիջեւանի անջատուած տարածքը՝ վիրաւորելով չորս հոգի: Թեհրան մինչեւ օրս կը շարունակէ հերքել, թէ այդ անօդաչու սարքերը Իրանէն մեկնած էին:

Փեզեշքեան նշած է, որ հակամարտութեան սկզբնաւորութեան, Ազերպայճան նախ փակեց ճամբաներն ու իրանապատկան դրամատուները: Սակայն անկէ անմիջապէս ետք, իրանցի պաշտօնատարներ կապ հաստատեցին Ազերպայճանի իրենց պաշտօնակիցներուն հետ, եւ ինչպէս նախագահը կը նշէ՝ «երկու ժամ չանցած, ամէն ինչ վերաբացուեցաւ՝ դրամատունը, դեսպանատունն ու ճամբան»։

Փեզեշքեան չէ յիշատակած այն անձերուն անունները, որոնք ենթադրաբար մասնակցած են այս բանակցութիւններուն եւ նա՛մանաւանդ չէ յստակացուցած խնդրոյ առարկայ օգնութեան բնոյթը՝ ռազմակա՞ն, մարդասիրակա՞ն, թէ՞ այլ…: