Կաթողիկոսին եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու գործը յանձնուած է նոր դատաւորի մը
Նախկին դատաւորը կը բացատրէ իր հրաժարման պատճառները
Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ յարուցուած գործը յանձնուած է նոր դատաւորի մը: Ըստ «Դատալեքս» տեղեկատուական համակարգին՝ գործը պիտի քննէ Արմաւիրի մարզի դատաւոր Սերժ Ռուշանեանը: 29-ամեայ դատաւորը նոր նիստի թուական տակաւին չէ ճշդած:
Ռուշանեան դատաւոր նշանակուած է 2023 թուականին. մինչ այդ ան աշխատած է Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, իսկ աւելի առաջ՝ 2017-էն 2020 թուականներուն, եղած է «Արդարադատութիւն եւ իրաւունքի գերակայութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահը:
«Դատալեքս»-ի մէջ նաեւ հրապարակուած է անցեալ շաբաթ այս գործը քննելէ հրաժարած դատաւոր Յակոբ Մանուկեանին բացատրութիւնը:
Դատաւորը կը նշէ, թէ 2021-ին ուսանած է Փաստաբանական ակադեմիային մէջ, եւ այդ շրջանին այս գործով կաթողիկոսին փաստաբանը՝ Արա Զօհրապեանը, եղած է Փաստաբաններու պալատի նախագահն ու պալատի որակաւորման յանձնաժողովի նախագահը, եւ բանաւոր քննութենէ ետք փաստաբանի արտօնագիրը իրեն յանձնած է անձամբ Զօհրապեանը:
«Նշուած փաստական հանգամանքները իրենց ամբողջութեան մէջ կրնան անաչառ եւ անկողմնակալ դէտի մը մօտ ողջամիտ կասկած յառաջացնել տուեալ գործով իմ անկողմնակալութեան եւ անաչառութեան վերաբերեալ։ Հետեւաբար, կրնայ կասկածի տակ դրուիլ թէ՛ գործի քննութեան առարկայականութիւնը, թէ՛ ալ կայացուելիք դատական վճիռներու արդարացիութիւնը։ Ուստի, արդարադատութեան շահերէն մեկնելով՝ կը գտնեմ, որ անհրաժեշտ էր այս գործէն հրաժարիլ»,– գրած է դատաւորը:
Նշենք, որ Կաթողիկոսը կը մեղադրուի դատական վճիռի գործադրման խոչընդոտելուն համար, գործ մը, որով կը մեղադրուին նաեւ Եկեղեցւոյ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Այս գործը կը վերաբերի վարչապետին հակակաթողիկոսական արշաւին միացած տասը եպիսկոպոսներէն Գէորգ սրբազանին: Կաթողիկոսը պաշտօնազրկած էր զայն, իսկ դատարանը պարտաւորեցուցած էր հոգեւորականը վերականգնել իր պաշտօնին վրայ: Մայր Աթոռը, սակայն, չվերականգնեց զայն եւ կարգալոյծ ըրաւ՝ յայտարարելով, որ այս հարցերը դատարանի իրաւասութեան ծիրէն ներս չեն, եւ ասիկա միջամտութիւն է Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան: Քննչական կոմիտէն ասիկա կը նկատէ դատական վճիռի խոչընդոտում:
