Գարեգին Բ.ի դէմ յարուցուած դատը

Պոլսոյ պատրիարքարան

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնն ալ կը դատապարտէ

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ եպիսկոպոսներուն դէմ քրէական գործի յարուցումն ու դատաքննութիւնը խստօրէն դատապարտեց նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 7-ին, Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ հազիւ սկսած դատավարութիւնը յետաձգուած էր՝ դատաւորին հրաժարման պատճառով։

Այս կապակցութեամբ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի.

«Ծանօթ իրողութիւն է, թէ վերջին շրջանին Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ որդեգրուած ժխտական դիրքաւորումը խոր ցաւ եւ վիրաւորանք յառաջացուցած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մէջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դարեր շարունակ եղած է մեր ժողովուրդի հաւատքի լուսաբեւեռը եւ ազգային ու հոգեւոր միութեան ամուր սիւնը։ Հայաստանեայց եկեղեցին իր ամբողջ նուիրապետութեամբ, ի գլուխ ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց սրբազնագոյն եւ վեհափառ հայրապետը, կը շարունակէ իր քրիստոսաւանդ, ազգանուէր եւ ազգաշէն առաքելութիւնը։

Այս առումով Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին եւ Եկեղեցւոյ սրբազան եպիսկոպոսներուն նկատմամբ դատական գործընթացներու դիմելը եւ զանոնք քրէական յանցագործութեան ամբաստանութիւններով աշխարհիկ ատեաններու առջեւ կանչելը խորապէս կը վիրաւորէ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական արժանապատւութիւնը։

Այս ցաւը աւելի կը խորանայ, երբ անտեսուած կը թուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան տրուած երաշխիքներն ու մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները։ Սփիւռքի մէջ եւս Հայ եկեղեցին կը շարունակէ առանցքային դեր ունենալ մեր ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային կեանքին մէջ։

Հետեւաբար Մայր Աթոռի հեղինակութիւնը տկարացնելու կամ անոր անձեռնմխելիութիւնը վիրաւորելու միտող որեւէ քայլ կը վնասէ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին միջեւ դարերով ամրացած կապերուն։ Պատմութիւնը կը վկայէ, որ պետականութենէ զրկուած ժամանակներուն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եղած է մեր ժողովուրդի անխորտակելի սիւներէն մէկը։ Ան իր ներքին նուիրապետութեամբ կանոնաւորած է եւ կը շարունակէ կանոնաւորել Սուրբ Աւետարանի քարոզութիւնը, հոգեւոր ծառայութիւնը, մխիթարական, բարեսիրական եւ ազգային առաքելութիւնները։ Ուստի Եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերու մասին Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին եւ եկեղեցական նուիրապետութեան բարձրացուցած ձայնին մէջ յանցագործութիւն որոնելը անտեղի եւ վիրաւորական կը նկատենք։

Այս գործընթացները կը վիրաւորեն ոչ միայն Մայր Աթոռի միաբանութիւնը, այլեւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռները, հոգեւորականութիւնը եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, որոնք մեր օրերուն պէտք է մնան զօրաւոր՝ վկայելու համար Քրիստոսի սիրոյ եւ եղբայրութեան մասին։

Ներկայիւս, որպէս Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական աթոռ, կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին եւ սրբազան եպիսկոպոսներուն։ Կը յորդորենք բոլոր պատասխանատուները անխոցելի պահել Հայ եկեղեցին եւ եկեղեցական պաշտօնական մարմիններու որոշումները չվերածել աշխարհիկ դատական հակամարտութիւններու։

Մենք կը հաւատանք Սուրբ գիրքի խօսքին. «Ես Տիրոջ պիտի յուսամ… նոյնիսկ եթէ խաւարի մէջ մնամ՝ Տէրն է իմ լոյսս» (Միքիա 7.7-8)։ Այս հաւատքով կը վստահինք, որ Աստուած պիտի հսկէ սրտերուն եւ Իր զօրութեամբ Եկեղեցւոյ նաւը պիտի առաջնորդէ խաղաղութեան նաւահանգիստը։ Մեր սրտագին աղօթքն է Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն, ամբողջ հոգեւոր դասին, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնատարներուն համար։

Թող Տէրը բոլորին իմաստութիւն պարգեւէ, զօրացնէ Իր Սուրբ եկեղեցին եւ խաղաղութիւն շնորհէ մերազն ժողովուրդին։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ 

2026 Օգոստոս 10»