Ջուլհակեան. «Նոր Սահմանադրութեան նախաբանը չի պարունակեր յղում Անկախութեան հռչակագիրին»
Մինչեւ տարեվերջ պիտի հրապարակուի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը, եւ պիտի սկսի հանրային լայն քննարկում. այս մասին յայտարարած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութենէն Արուսեակ Ջուլհակեանը:
«Նոր Սահմանադրութեան նախաբանը չի պարունակեր յղում Անկախութեան հռչակագիրին»,– Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած է իշխանութեան ուժին կողմէ Պետական-իրաւական հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած Ջուլհակեանը։ Արձագանգելով ընդդիմադիր երեսփոխան Աննա Գրիգորեանի հարցումին՝ ան ըստ էութեան առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս հաստատած է վարչապետին ունեցած դիրքորոշումը:
Նշենք, որ Արուսեակ Ջուլհակեան Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի անդամ է:
Պաքուն յստակ նախապայման առաջադրած է. խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի միայն այն ատեն, երբ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխուի եւ անկէ զեղչուի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումը: Ազերպայճանական կողմը այդ հռչակագիրին մէջ կը տեսնէ հողային նկրտումներ: Նիկոլ Փաշինեան եւս կողմ է այս փոփոխութեան՝ հռչակագիրը նկատելով հակամարտութիւն ծնող եւ պնդելով, որ անկէ ձերբազատիլը կը բխի Հայաստանի շահերէն:
