ՀՀ ԱԳՆ-ն Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ հանդիպում առաջարկած է
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) ազերպայճանական բանտի մէջ գերեվարուած Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտին բանաւոր հանդիպման առաջարկ ըրած է։ Այս մասին «Ազատութիւն» լրասփիւռին տեղեկացուցած է Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանը՝ նշելով, որ «հանդիպումը պիտի կազմակերպուի իրաւասու գերատեսչութիւններուն կողմէ՝ համագործակցաբար»: «Ազատութեան» համաձայն՝ այս պահուս կը ճշդուին հանդիպման թուականները:
Յիշեցնենք, որ Յունիսին Զոնապենտը յայտարարած էր մարդասիրական նախաձեռնութեան մը մասին, որուն ծիրէն ներս կը մտադրէ կազմակերպել կիներու միջազգային պատուիրակութեան մը այցը Պաքու: Վերջերս լրասփիւռները յայտնած էին, որ Զոնապենտի հետ հանդիպման կազմակերպման համար պատասխանատու գերատեսչութիւն նշանակուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Այս առնչութեամբ ան Յուլիսին 2 անգամ նամակ յղած էր Հայաստանի վարչապետին։
Այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Զոնապենտը դիմած էր նաեւ Ազերպայճանի մարդկային իրաւանց պաշտպանին՝ խնդրելով ապահովել այդ պատուիրակութեան այցը Պաքու, կազմակերպել տեսակցութիւն Ումպաքիի բանտին մէջ պահուող հայ բանտարկեալներուն հետ, ինչպէս նաեւ անոնց յանձնել ընտանիքներուն կողմէ պատրաստուած ծրարներ, լուսանկարներ, նամակներ:
Ինչպէս նախապէս յայտնած էր իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանը, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով՝ պատուիրակութեան կազմին մէջ պէտք չէ ընդգրկուին հայկական ծագում ունեցող կիներ։ Կը նախատեսուի օտարերկրեայ յայտնի կին իրաւապաշտպաններու մասնակցութիւնը: Ինքը՝ Զոնապենտը, նոյնպէս կը մտադրէ պատուիրակութեան կազմով մեկնիլ Պաքու։
