Ալիեւ. «Ազերպայճան կրնայ ելեկտրականութիւն մատակարարել Հայաստանին»
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Օգոստոս 12-ին յայտարարած է, որ իր երկիրը կրնայ ելեկտրականութիւն մատակարարել Հայաստանին՝ նշելով, որ Երեւանը չի կրնար անորոշ ժամանակով երկարաձգել Մեծամօրի հիւլէակայանի շահագործումը։
Ազերպայճանի պետական հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին մէջ, Ալիեւ ըսած է, որ ազերպայճանցի մասնագէտները նախնական ուսումնասիրութիւններ կատարած են Հայաստանի տարածքին եւ յայտնաբերած են ելեկտրահաղորդման յենասիւներու հաւանական տեղակայման վայրեր։ Ասիկա մաս կը կազմէ Ազերպայճանի ելեկտրացանցը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապելու ծրագրին։
“Այսօր անոնց (հայերուն) ուժանիւթի հիմնական աղբիւրը հիւլէակայանն է։ Եթէ այդ աղբիւրը փակուի, Հայաստանը կրնայ լուրջ ուժանիւթային տագնապի դէմ-յանդիման գտնուիլ”,– ըսած է Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան յաւելեալ աղբիւր ունենալը կը բխի Երեւանի իսկ շահերէն։
Հայաստանը, որ երկար ժամանակ ուժանիւթի մատակարարման հարցով մեծապէս կախում ունեցած է Ռուսաստանէն եւ Իրանէն, այժմ կը քննարկէ ամերիկեան, ռուսական, չինական, ֆրանսական եւ հարաւգորէական ընկերութիւններու առաջարկները՝ խորհրդային ժամանակաշրջանէն ի վեր գործող Մեծամօրի հիւլէակայանը փոխարինելու համար։
