«Tour of Armenia» միջազգային հեծանիւի մրցաշարքը սկիզբ առաւ Գաւառէն
Սեպտեմբեր 10-ին, Գեղարքունիքի մարզային կեդրոն Գաւառի կեդրոնական հրապարակէն սկիզբ առաւ «UCI Europe Tour»-ի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Tour of Armenia» միջազգային հեծանիւի մրցաշարքը։
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Գեղարքունիքի մարզպետն ու տեղական իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներ։ Նախքան բուն մրցումը, ներկայացուեցան 16 երկիրներէ ժամանած խումբերու 96 հեծանուորդները (ներառեալ՝ Հայաստանի հաւաքականը), որոնք մինչեւ Սեպտեմբեր 13 պիտի յաղթահարեն շուրջ 500 քիլոմեթր ճամբայ՝ անցնելով Հայաստանի տարբեր մարզերէն։
“Ասիկա պատմական օր է Հայաստանի համար։ Այս մեծ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար մենք երկու տարի աշխատեցանք հեղինակաւոր միջազգային խորհրդատուներու հետ”,– նշեց նախարար Անդրէասեան՝ աւելցնելով, որ այս մրցաշարքը ո՛չ միայն կը նպաստէ հեծանուային մարզաձեւի զարգացման, այլեւ լաւագոյն առիթն է աշխարհին ցոյց տալու Հայաստանի զբօսաշրջային եւ պատմամշակութային ներուժը։ Նախարարը յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի դառնայ ամէնամեայ։
Գաւառէն սկիզբ առած մրցաշարքին առաջին հանգրուանը անցաւ Սեւանէն ու Շորժայէն եւ իր աւարտին հասաւ Մեծ Մասրիկի մէջ։ Սեպտեմբեր 11-ին մրցումը կը շարունակուի Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղէն դէպի Լոռիի մարզի Ստեփանաւան քաղաքը, իսկ յաջորդ օրը՝ Մարտունիէն պիտի հասնի Հրազդան ու Ծովագիւղ։
Մրցաշարքը իր աւարտին պիտի հասնի Սեպտեմբեր 13-ին՝ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայանալիք 110 քիլոմեթրնոց հանգրուանով։ Անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով, մրցումի օրերուն Հանրապետութեան շարք մը ճամբաներուն եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ երթեւեկութիւնը առժամաբար պիտի սահմանափակուի։
