Վարչապետ Փաշինեանին շնորհուեցաւ Հեսսէնի խաղաղութեան մրցանակը

Փաշ-Հեսսէն

Ինչպէս արդէն նախապէս յայտարարուած էր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհուած է Հեսսէնի խաղաղութեան մրցանակը։ Մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 18-ին, Վիսպատընի մէջ՝ Հեսսէնի դաշնակցային երկրամասի խորհրդարանին մէջ։ Մրցանակը շնորհող «Ալպերթ Օսվալտ» հիմնադրամի ներկայացուցիչները բարձր գնահատած են Փաշինեանի ջանքերը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու յառաջմղման եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։

Իր ելոյթին մէջ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է 2025 Օգոստոս 8-ին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ TRIPP ծրագրին։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագրի նախաստորագրումն ու Ուաշինկթընի խաղաղութեան հռչակագրի ընդունումը պատմական բեկում դարձած են երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս առիթով ան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ շեշտելով, թէ վերջինս, իր կարծիքով, հաւասարապէս արժանի է այս մրցանակին։ 

Խօսելով TRIPP-ի մասին՝ Փաշինեան ընդգծած է, որ ծրագիրը Հայաստանի հաղորդակցութեան ուղիները պիտի բանայ Ազերպայճանի համար եւ փոխադարձաբար։ Նշենք, որ Փաշինեանն ու Ալիեւը Ապրիլ 26-ին արժանացած էին նաեւ «Կեռնիքա» մրցանակին, իսկ Փետրուարին ստացած էին Մարդկային եղբայրութեան «Զայէտ» մրցանակը։