Ազգերու Լիկա – Հայաստան 2-3 պարտուեցաւ Մոնթենեկրոյէն՝ հաշիւը երկու անգամ հաւասարեցնելէ ետք

Ֆութպոլ-1

Սեպտեմբեր 28-ին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» Հանրապետական մարզադաշտին մէջ 2-3 հաշուով պարտուեցաւ Մոնթենեկրոյէն՝ խաղի ընթացքին երկու անգամ յաջողելով հաւասարեցնել հաշիւը։

Մոնթենեկրօն յառաջ անցաւ 20-րդ վայրկեանին, երբ Էրիկ Փիլոյեան ակամայ գնդակը ուղարկեց սեփական դարպասը։ Արթուր Սերոբեան 34-րդ վայրկեանին հաւասարեցուց հաշիւը, սակայն ընդամէնը չորս վայրկեան ետք Նիքոլա Քրսթովիչ կրկին առաւելութիւն ապահովեց Մոնթենեկրոյին։ Առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 2-1 հաշուով՝ ի նպաստ հիւրերուն։

65-րդ վայրկեանին Էդուարդ Սպերցեան, օգտուելով Գոռ Յարութիւնեանի փոխանցումէն, դարձեալ հաւասարեցուց հաշիւը։ Սակայն 89-րդ վայրկեանին Անտրիա Լաթքովիչ նշանակեց վճռական կոլը եւ Մոնթենեկրոյին ապահովեց 3-2 յաղթանակը։

Մրցումին սկիզբէն իսկ «Առաջին հայկական ճակատ»ի՝ FAF-ի անդամները պարզեցին պաստառ մը՝ 2020-ի Արցախի պատերազմի ընթացքին զոհուած հայ զինուոր Ալբերտ Յովհաննիսեանի պատկերով։ Անոր լուսանկարը դարձած էր պատերազմի ամէնէն ծանօթ պատկերներէն մէկը։

Այս քայլը կատարուեցաւ հայ հերոսը պատկերող որմնանկարին՝ Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիի պատերէն մէկէն հեռացուելէն քանի մը օր ետք։

Հայաստանի՝ Մոնթենեկրոյէն կրած պարտութիւնը յաջորդեց Լաթվիոյ դէմ 2-0 յաղթանակին։ Մոնթենեկրոյի դէմ դեղին քարտ ստացած Արթուր Սերոբեան պատժական կասեցման պատճառով պիտի բացակայի Կիպրոսի դէմ Հայաստանի յաջորդ հանդիպումէն։

Հայաստան Հոկտեմբեր 2, ժամը 20-ին, պիտի մրցի Կիպրոսի դէմ, իսկ Հոկտեմբեր 5, ժամը 22.45-ին, դարձեալ պիտի հանդիպի Մոնթենեկրոյի հետ։