Ալբերտ Յովհաննիսեանի յուշապատկերին պահպանման տարբերակները պիտի քննարկուին
Երեւանի քաղաքապետի բանբեր Ճուլիետա Ազարեան հանդիպած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուոր Ալբերտ Յովհաննիսեանի հօր՝ Արտակ Յովհաննիսեանի հետ։ Հանդիպումին քննարկուած են նահատակ հերոսին յուշապատկերի հետագայ պահպանման կարելի տարբերակները։
Ազարեան նշած է, որ հարցը Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի ուշադրութեան կեդրոնին է եւ մօտ օրէն պիտի քննարկուին համապատասխան լուծումները՝ նկատի ունենալով Ալբերտ Յովհաննիսեանի յիշատակին հանդէպ յարգանքն ու հանրային արձագանգը։
Յիշեցնենք, որ 44-օրեայ պատերազմի խորհրդանշական պատկերներէն մէկը դարձած Ալբերտ Յովհաննիսեանի յուշապատկերը վերջերս հեռացուած էր Երեւանի «Յաղթանակ»-ի զբօսայգիի գլխաւոր մուտքի պատէն՝ ընկերային ցանցերուն վրայ բուռն արձագանգներու պատճառ դառնալով։
Քաղաքապետարանը բացատրած էր, որ պատը մաքրուած է վերականգնման աշխատանքներէն առաջ եւ հերքած՝ պատկերի միտումնաւոր կերպով հեռացուած ըլլալու մասին պնդումները։
