Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է 2027-ի պետական պիւտճէի նախագիծին

Պիւտճէ

Հայաստանի կառավարութիւնը Հոկտեմբեր 1-ի նիստին հաւանութիւն տուած է 2027-ի պետական պիւտճէի նախագիծին, որ այժմ պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննութեան։ Նախագիծով՝ պետական ծախսերը նախատեսուած են 4 թրիլիոն 72 միլիառ դրամ՝ մօտ 9,88 միլիառ եւրօ։ 

Պիւտճէի եկամուտները կը նախատեսուին 3 թրիլիոն 603,8 միլիառ դրամ՝ շուրջ 8,74 միլիառ եւրօ, իսկ բացը՝ 468,2 միլիառ դրամ՝ մօտ 1,14 միլիառ եւրօ։ 

Եկամուտներուն մեծ մասը՝ շուրջ 3 թրիլիոն 462,7 միլիառ դրամ պիտի գոյանայ հարկերէ եւ պետական տուրքերէ։ Պաշտօնական դրամաշնորհները նախատեսուած են շուրջ 14,2 միլիառ դրամ, իսկ այլ եկամուտները՝ 126,9 միլիառ դրամ։ 

Պիւտճէի բացին շուրջ 187,5 միլիառ դրամը նախատեսուած է հոգալ ներքին աղբիւրներէ, իսկ 280,7 միլիառ դրամը՝ արտաքին աղբիւրներէ։