Մուսա Լեռ. փրկութեան մը յիշողութիւնը՝ Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ
Օրուան բանախօսը՝ Ժան Գորտէլ
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10-ին, Փարիզի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ տաճարի ծխական սրահը լեփ-լեցուն էր (աւելի քան 120 հոգի)՝ հիւրընկալելու համար դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած Մուսա Լեռան դիւցազներգութեան եւ 1915-ի Սեպտեմբերին ֆրանսացի ծովայիններուն կողմէ հայերու փրկութեան: Գլխաւոր կազմակերպիչ Համբիկ Թալաթինեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք, բանախօս Ժան Գորտէլ ներկայացուց իր «Հայերու եւ ծովայիններու դիւցազներգութիւնը. Մուսա Լեռ / Ռաս էլ Մինա, Սեպտեմբեր 1915» գիրքը: Տասներկուամեայ հետազօտութիւններու արդիւնք այս գործին ներկայացումը զուգորդուեցաւ մեծ պաստառի վրայ լուսապատկերներու ցուցադրութեամբ:

Հանդիպումը յատկանշուեցաւ նաեւ հոգեպարար երաժշտական ընդմիջումով մը. տիկին Աննա Կասեան հրաշալի կերպով, առանց նուագակցութեան (a cappella) մեկնաբանեց Ժան Գորտէլին այնքան հարազատ դարձած «Տէր Ողորմեա»-ն՝ խոր յուզում յառաջացնելով ներկաներուն մօտ: Աւելին, Փարիզ հաստատուած գամպոճցի մը, որ հոգեպէս շատ կապուած է հայերուն եւ ինքն ալ վերապրած ու մազապուրծ փախած է Գամպոճի ցեղասպանութենէն, ասմունքեց հայ ժողովուրդին ձօնուած իր հեղինակած մէկ բանաստեղծութիւնը:


Դիմադրութեան դրուագ մը՝ Ցեղասպանութեան սրտին մէջ
1915 Սեպտեմբերին, մինչ Հայոց ցեղասպանութիւնը իր լրումին կը հասնէր, Մուսա Լեռան գիւղերու բնակիչները կը մերժեն տեղահանութեան հրամանը եւ կ՚ապաստանին լեռն ի վեր՝ կազմակերպելու համար իրենց դիմադրութիւնը: Դէմ-յանդիման մնալով պաշարման ու բնաջնջման սպառնալիքին՝ անոնք կը փորձեն կապ հաստատել արեւելեան Միջերկրականի մէջ գտնուող դաշնակից ուժերուն հետ:
Այդ կապը կը ստեղծուի ֆրանսական ռազմածովային ուժերուն, յատկապէս՝ « Desaix » յածանաւուն հետ: Ի վերջոյ, հայերը կը տարհանուին Ռաս էլ Մինայի ծովափէն դէպի Փոռ Սայիտ (Եգիպտոս). այսպէսով կը փրկուի 4092 հոգի: Մուսա Լեռը կը մնայ 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին զինեալ դիմադրութեան եւ զանգուածային փրկութեան հազուագիւտ օրինակներէն մէկը:
Ընտանեկան արխիւներով վերապրող պատմութիւն
Ժան Գորտէլ այս դրուագը վերակենդանացուց իր մօրենական մեծ հօր՝ Ժան Լը Մէի անցած ուղիին ընդմէջէն, որ այն ատեն 23-ամեայ ծովային սպայ մըն էր՝ նշանակուած « Desaix » յածանաւուն ցամաքահանման զօրախումբին մէջ: Անոր սպայական օրատետրն ու աւելի քան երկու հարիւր լուսանկարներ պարունակող ալպոմը, զորս ինք անձամբ թուագրած ու մակագրած էր, հանդիսացած են ներկայացուած ուսումնասիրութեան հիմքը:
Թուականներէն ու ռազմական գործողութիւններէն անդին՝ դասախօսութիւնը կեդրոնական տեղ յատկացուց դէմքերուն, փոխադարձ վերաբերումին եւ այն կապերուն, որոնք հիւսուած էին Մուսա Լեռան հայերուն եւ ֆրանսացի ծովայիններուն միջեւ: Ժան Գորտէլ ընդգծեց անոնց միջեւ հաստատուած վստահութիւնը, որ կը բխէր բնաջնջման դէմ ընդվզումէն, զօրակցութենէն եւ պարտականութեան գիտակցութենէն:
Պատմութիւնը տեսանելի դարձնող ցուցահանդէս մը
Հանդիպումին կ՚ընկերակցէր շուրջ հարիւր վաւերաթուղթերէ բաղկացած ցուցահանդէս մը՝ լուսանկարներ, քարտէսներ, պաշտօնական ու անձնական արխիւներ: Այս ցուցանմուշները հանրութեան կարելիութիւնը ընձեռեցին բանաւոր պատումը կապելու շօշափելի հետքերու, ճանչցուած վայրերու եւ նիւթական վկայութիւններու հետ:
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ գիրքի վաճառքով ու մակագրութեամբ, որուն յաջորդեց բարեկամական հիւրասիրութիւն մը։ Մուտքը ազատ էր, իսկ դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Միութեան կողմէ:

Փոխանցել՝ չմոռնալու համար
Հիւրընկալելով այս դասախօսութիւնը՝ Սուրբ Խաչ տաճարը վերյիշեցուց յիշատակի վայրերու ունեցած կարեւոր դերը հայոց պատմութեան փոխանցման գործին մէջ: Մուսա Լեռան դրուագը հոն ներկայացուեցաւ ոչ միայն իբրեւ պատմական իրողութիւն, այլեւ իբրեւ քաջութեան, դիմադրութեան եւ հայերն ու ֆրանսացիները միաւորող մարդկայնութեան փառաւոր ժառանգութիւն մը:
Ժան Գորտէլ իր գիրքին համար ստացած պարգեւները ձօնեց Մուսա Լեռան հայերուն եւ ֆրանսացի ծովայիններուն, ի շարս որոնց՝ «Ֆրանսայի համար զոհուած» իր մեծ հօրը: Այս ընծայականը կը խտացնէր երեկոյթին բուն նպատակակէտը. մեծարել թէ՛ փրկարարները եւ թէ՛ փրկուածները, ու անոնց պատմութիւնը աւանդել յաջորդ սերունդներուն:
ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ■






