Հայաստանի խորհրդարանը վաւերացուցած է TRIPP-ի հայեւամերիկեան համաձայնագիրը
Հայաստանի Ազգային ժողովը Հոկտեմբեր 28-ին, 63 թեր եւ 32 դէմ քուէներով վաւերացուցած է «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրին վերաբերող՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրը։
Խորհրդարանական քննարկումներուն ընթացքին համաձայնագիրը ներկայացուցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Փաստաթուղթը կը սահմանէ Սիւնիքի մարզին վրայէն նախատեսուած փոխադրական ուղիներու եւ ենթակառոյցներու ստեղծման ու գործածութեան պայմանները։ Ծրագիրը Ազերպայճանին անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն պիտի ապահովէ Նախիջեւանի հետ՝ Հայաստանի տարածքով։ Միաժամանակ, անիկա կը նախատեսէ Հայաստանի ներքին փոխադրական կապերու վերականգնումը եւ Ազերպայճանի տարածքով դէպի այլ երկիրներ հաղորդակցութեան նոր կարելիութիւններ։
Քննարկումներուն ընթացքին կառավարութեան ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ Հայաստանի տարածքին կառուցուելիք կամ վերականգնուելիք բոլոր ենթակառոյցներն ու փոխադրական ուղիները ամբողջութեամբ պիտի մնան Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան ներքեւ՝ առանց խախտելու երկրին հողային ամբողջականութիւնը։
Համաձայնագրին վաւերացման թեր քուէարկած է իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, մինչ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները դէմ արտայայտուած են։
Քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ մնացող չէ եղած։
