Լուվր–Հայաստան. մշակութային գործակցութեան նոր հեռանկարներ
Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան Հոկտեմբեր 28-ին հանդիպում ունեցած է Լուվրի թանգարանի նախագահ-տնօրէն Քրիսթոֆ Լըրիպոյի հետ։ Հանդիպման գլխաւոր նիւթերը եղած են ֆրանքեւհայկական մշակութային գործակցութեան խորացումը եւ թանգարանային մարզէն ներս միացեալ նոր նախաձեռնութիւններու կարելիութիւնները։
Զրուցակիցները անդրադարձած են Լուվրի եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին միջեւ հաստատուած գործակցութեան, որուն հիմքը 2024-ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրն է։
Այս գործակցութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը նկատուած է 2025-2026 թուականներուն Երեւանի մէջ ներկայացուած «Սրբազան երկխօսութիւն. Լուվրէն՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարան» ցուցահանդէսը։ Անիկա կարելիութիւն ընձեռած է երկու թանգարաններու հաւաքածոներէն ընտրուած ստեղծագործութիւնները կողք-կողքի ներկայացնելու եւ միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու հայկական մշակութային ժառանգութեան հարստութիւնը։

Դեսպան Խաչատրեան կարեւոր նկատած է այս գործակցութեան շարունակական զարգացումը՝ մասնաւորաբար միացեալ ցուցահանդէսներու կազմակերպման, գիտական հետազօտութիւններու, մասնագէտներու փոխանակման, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ հայկական արուեստի եւ մշակութային ժառանգութեան աւելի լայն ծանօթացման միջոցով։
Այս առնչութեամբ քննարկուած են նաեւ Լուվրի՝ Բիւզանդական արուեստի եւ Արեւելքի քրիստոնէական մշակոյթներու բաժանմունքին հետ գործակցութեան կարելիութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է մշակութային գործակցութեան կարեւոր դերը՝ երկու ժողովուրդներուն փոխըմբռնումը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ռազմավարական գործընկերութիւնը զարգացնելու տեսակէտէն։
