Անգարա–Պաքու. Ալիեւ կը մերժէ Թուրքիոյ «աւագ եղբօր» դերը

Ալիեւ-Էրտողան

Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ վերջին շրջանին ծագած լարումը միայն գլխաշորի շուրջ տարակարծութեամբ չի բացատրուիր։ Թուրք լրագրող Իսմայիլ Սայմազ, ընդդիմադիր «Sözcü» թերթին մէջ Հոկտեմբեր 28-ին հրապարակած իր յօդուածով, կը բացայայտէ Անգարայի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները լարող տարակարծութիւնները՝ հիմնուելով ազերպայճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցներուն վրայ։

Ըստ Սայմազի՝ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը մերժէ Անգարայի՝ «աւագ եղբօր» դիրքէն խօսելու եւ Պաքուի ներքին գործերուն միջամտելու կեցուածքը։ Լրագրողին զրուցակիցները կը շեշտեն, որ երկու երկիրներու սերտ կապերը Թուրքիոյ իրաւունք չեն տար Ազերպայճանի նկատմամբ գերակայութիւն յաւակնելու։

Վերջին տագնապը ծագած է Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ գլխաշորի գործածութեան սահմանափակումներուն պատճառով։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական Օքթայ Սարալ քննադատած էր այդ միջոցները՝ Պաքուի խիստ հակազդեցութեան արժանանալով։ Անոր պաշտօնէն հեռացումը որոշ չափով մեղմացուցած է լարումը, սակայն չէ փարատած տարակարծութիւնները։ Ըստ Սայմազի՝ Ազերպայճան Սարալը եւս ընդգրկած է իր սեւ ցանկին մէջ։

Լրագրողը կը յիշեցնէ, որ այս լարումը նախընթացներ ունեցած է։ Առաջին տարակարծութիւնը ծագած էր Արցախեան պատերազմէն ետք, երբ Էրտողանի յայտարարութիւնները Պաքուի մէջ ընկալուած էին իբրեւ յաղթանակին պատիւը Թուրքիոյ վերագրելու փորձ։ Այն ատեն ազերպայճանական պաշտօնական մամուլը գրած էր, թէ Պաքու ամբողջութեամբ վճարած է Թուրքիոյ ցուցաբերած ռազմական օժանդակութեան դիմաց։

Երկրորդ տագնապը յառաջացած էր անցեալ տարի, երբ թրքական «Sabah» թերթն ու «A Haber» հեռատեսիլի կայանը քննադատած էին Ազերպայճանի յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ։ Դիւանագիտական միջամտութիւններու շնորհիւ տարակարծութիւնները հարթուած էին։

Սայմազի գնահատումով՝ ներկայ տագնապը երեքէն ամենալուրջն է։ Անոր աղբիւրներուն համաձայն, Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցը հաշտարար արդիւնք չէ ունեցած։ Անոնք նոյնիսկ կը պնդեն, որ եթէ Սարալ պաշտօնէն չհեռացուէր, Ալիեւ պիտի հրաժարէր Անգարա այցելելէ՝ մասնակցելու Հոկտեմբեր 29-30-ին նախատեսուած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան հանդիպումին։

Լրագրողին զրուցակիցները կը կարծեն, որ այս տագնապէն ետք Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւնները այլեւս նախկինը պիտի չըլլան։