ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ հաղորդագրութենէն ցաւով կը տեղեկանանք, թէ Մարտ 22-ին Մարսիլիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայ դատի նուիրեալ, արդարութեան մարտիկ Մաքս-Հրայր Քիլինճեան։
Ան ձերբակալուած էր 1980-ին՝ Զուիցերիոյ մէջ թուրք դեսպանը ահաբեկելու ամբաստանութեամբ, սակայն հանրային բուռն դատավարութենէ ետք, իբրեւ փաստաբան ունենալով կարկառուն փաստաբաններ Փաթրիք Տէվէճեանն ու Հանրի Լըքլէրը, անմեղ հռչակուած եւ ազատ արձակուած էր: Էքս-ան-Փրովանսի դատարանին առջեւ տեղի ունեցած բազմահազար մասնակիցներու զօրակցութեան ցոյցը, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած նմանատիպ հանրահաւաքները թարմ կը մնան մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։