Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Ապրիլ 11-ին, ժամը 16-ի շուրջ, Ազերպայճանի զինեալ ուժերը կրակ բացած են Տեղ գիւղի շրջանը ճարտարագիտական աշխատանքներ կատարող Հայաստանի զինուորներու ուղղութեամբ:
Ըստ Նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ հայկական կողմը դիմած է պատասխան գործողութիւններու:
Սկզբնական տուեալներով հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ:
Նշենք, թէ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը,– ըստ իր սովորութեան,– հայկական կողմը կը մեղադրէ Տեղ գիւղի մերձակայքին տեղի ունեցած փոխադարձ կրակոցին համար։
***
Աւելի ուշ կը յայտարարուէր, թէ նոյն օրը, ժամը 20.30-ի դրութեամբ (միշտ հայաստանեան ժամով) Հայկական կողմը ունի 4 զոհ եւ 6 վիրաւոր։
Վիրաւորներու մէջ էր յատուկ բանակային միաւորումի հրամանատար Արմէն Կէօզալեան։
Կը յայտարարուէր նաեւ, որ ազերպայճանական կողմը ունի բազմաթիւ կորուստներ եւ վիրաւորներ։
Վիրաւոր հրամանատար Արմէն Կէօզալեան