Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Ապրիլ 17-ին,– ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Կովկասի հարցերու աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոյի հետ Պաքուի մէջ ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին,– պահանջած է անյապաղ ազատ արձակել հայ-ազերպայճանական սահմանի Նախիջեւանի հատուածը անցած եւ Հայաստանի մէջ ձերբակալուած ազերպայճանցի զինուորներ Աքշին Պապիրովն ու Հուսէյն Ախունդովը։
ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն՝ Պայրամով նշած է, թէ երկու Ազերպայճանցիները գերեվարուած են եւ անոնցմէ մէկուն նկատմամբ ֆիզիքական բռնութիւն կիրարկուած է։