Վերոնիք Նշանեան հրաժեշտ տուաւ «Hermès»-ին. 37 տարուան փառաւոր ուղի մը
Ֆրանսահայ անուանի ձեւագէտ (styliste) Վերոնիք Նշանեան Յունուար 24-ին Փարիզի մէջ ներկայացուց «Hermès» նորաձեւութեան տան համար իր պատրաստած՝ այրերու վերջին հաւաքածոն։ Ան 37 տարի անընդմէջ վարած է այրերու բաժնի գլխաւոր ձեւագէտի պաշտօնը։
Նշանեան այդ պաշտօնը ստանձնած էր 1988-ին՝ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ժան-Լուի Տիւմասի անձնական հրաւէրով։ Գրեթէ չորս տասնամեակներու ընթացքին, ան զերոյէն ստեղծեց այրերու հաւաքածոյի ամբողջական համակարգը՝ «Hermès»-ը վերածելով նրբագեղ ոճի եւ անժամանցելի դասականութեան համաշխարհային խորհրդանիշի։
Հրաժեշտի խօսքին մէջ Վերոնիք Նշանեան, ի միջի այլոց, ըսած է. “Յուզուած եմ. դադրեցնելու եւ այլ աշխատանքի անցնելու որոշումը իմս է։ Սա լաւ մտածուած քայլ մըն է, որովհետեւ կը զգամ, որ յարմար պահն է թէ՛ ինծի եւ թէ՛ «Hermès»-ին համար”։
