Դատարանը մերժած է Շահրամանեանի բողոքը

Screenshot

Screenshot

Արցախի նախ­կին նա­խագահ Սա­մուէլ Շահ­րա­մանեան դի­մած էր դա­տարան բո­ղոքե­լով «Հա­յաս­տա­նի պատ­մութիւն» առար­կա­յի 9-րդ դա­սարա­նի դա­սագիր­քին մէջ իրեն վե­րաբե­րող տե­ղեկու­թիւնը հեր­քե­լու պա­հան­ջով, զայն հա­մարե­լով զրպար­տութիւն։

Յու­նուար 31-ին, դա­տարա­նը մեր­ժած է բո­ղոքը՝ ընդդէմ «Հա­յաս­տա­նի պատ­մութիւն» դա­սագիր­քի հե­ղինակ Նժդեհ Յով­սէ­փեանի եւ ՀՀ Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մար­զանքի նա­խարա­րու­թեան։

Նշենք, որ Սա­մուէլ Շահ­րա­մանեան կը պա­հան­ջէր խնդրոյ առար­կայ դա­սագիր­քէն զեղ­չել այն տե­ղեկու­թիւնը, թէ ինք, որ­պէս նա­խագահ, ստո­րագ­րած է Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի լու­ծարման մա­սին հրա­մանա­գիրը։

Ըստ Շահ­րա­մանեանի փաս­տա­բան Ռո­ման Երի­ցեանի՝ բո­ղոքը մեր­ժուած է, որով­հե­տեւ դա­տարա­նը Սա­մուէլ Շահ­րա­մանեանի պա­տիւը, ար­ժա­նապատ­ւութիւ­նը կամ գոր­ծի­չի համ­բա­ւը արա­տաւո­րող փաստ չէ գտած հոն։