«Կա՛մ պիտի վերածնինք, կա՛մ ալ պիտի մեռնինք»

ՌՎ

Ռուբէն Վարդանեան կնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին խնդրած է տարածել Ալպէր Գամիւի «Ընդվզած մարդը» (1951) երկէն հետեւեալ միտքը.

«Ապագան անկարելի է կանխատեսել, վերածնունդն ալ թերեւս անկարելի է։ Սակայն մենք պարզապէս կը մերժենք ընդունիլ այդ։ Պէտք է ոչինչ խնայենք յանուն վերածնունդին։ Այլ տարբերակ ալ չունինք. կա՛մ պիտի վերածնինք, կա՛մ ալ պիտի մեռնինք»։