Բագրատ սրբազան բանտէն կոչ կ՚ուղղէ ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճ. Տ. Վենսին. «Հայաստանի մէջ եկեղեցին պետական յարձակման տակ է»
«Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան, որ ներկայիս կը գտնուի բանտը, Երեւանի «Կեդրոն քրէակատարողական հիմնարկ»-էն («Կեդրոն» բանտ) կոչով մը դիմած է ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճ. Տ. Վենսին։ Կոչը ուղղուած է Ուաշինկթընի մէջ ընթացող Միջազգային կրօնական ազատութեան վեհաժողովի ծիրէն ներս՝ Վենսի Հայաստան կատարելիք այցելութեան ընդառաջ։
224 օր բանտախցիկի մէջ
«Քրիստոնէական համերաշխութիւն միջազգային կազմակերպութիւնը» (CSI) Փետրուար 3-ին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հրապարակած է Սրբազանին նամակը։ Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները յայտնած են, որ նոյն օրը այցելած են արդէն 224 օրէ ի վեր անազատութեան մէջ գտնուող արքեպիսկոպոսին։ CSI-ն, որ 2025 Նոյեմբերին փաստահաւաք առաքելութիւն կատարած էր Հայաստանի մէջ, կը շարունակէ հետեւիլ երկրէն ներս կրօնական ազատութիւններու եւ քաղաքական բանտարկութիւններու վիճակին։
Եկեղեցւոյ դէմ համակարգուած արշաւ
Իր նամակին մէջ Բագրատ սրբազան կը շեշտէ, թէ իր կալանաւորումը՝ զուտ ոչ-բռնի խօսքի համար, մաս կը կազմէ Հայ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան դէմ ուղղուած աւելի լայն արշաւի մը։ Ան կը յիշատակէ երեք այլ եպիսկոպոսներու՝ Միքայէլ արք. Աջապահեանի, Մկրտիչ եպիսկ. Պռոշեանի եւ Արշակ արք. Խաչատրեանի անունները, որոնք «ենթարկուած են հետապնդումներու, ձերբակալութիւններու, հարցաքննութիւններու եւ պետական մակարդակով իրականացուող վարկաբեկիչ արշաւներու՝ շինծու մեղադրանքներով»։
Ըստ Սրբազանին, այս գործողութիւնները նպատակ ունին լուսանցքայնացնել Եկեղեցին իբրեւ անկախ հաստատութիւն եւ խաթարել անոր պատմական դերակատարութիւնը հայ հասարակութեան կեանքէն ներս։ Ան այս ամէնը կը կապէ Արցախի հայութեան ցեղային եւ կրօնական զտումէն ետք Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու ազգային ինքնութեան սպառնացող վտանգներուն հետ։
«“Խաղաղութի՜ւն, խաղաղութի՜ւն”, երբ չկա՛յ խաղաղութիւն»
Սրբազանը կը գրէ.
«Այսօր Հայաստանի ազգային եկեղեցին դարձեալ յարձակման տակ է։ Ազերպայճան կը պնդէ, որ Հայ առաքելական եկեղեցին “խաղաղութեան խոչընդոտ” է, եւ որպէս խաղաղութեան պայման՝ կը պահանջէ, որ հայկական պետութիւնը զայն զրկէ ազգային կեանքին մէջ իր պատմական դերը կատարելու կարողութենէն»։
Ան կը մէջբերէ Երեմիա մարգարէի խօսքերը. «Անոնք կ՚ըսեն՝ “Խաղաղութի՜ւն, խաղաղութի՜ւն”, երբ չկա՛յ խաղաղութիւն»՝ նշելով, որ այ՛ս է այսօրուան իրավիճակը Հայաստանի մէջ։
Երեք պահանջ՝ ուղղուած ԱՄՆ-ու փոխնախագահին
Բագրատ արք. Գալստանեան կը խնդրէ Վեհաժողովէն, որ ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճ. Տ. Վենսի Հայաստան եւ Ազերպայճան այցելութեան ընթացքին ներկայացուին հետեւեալ երեք հիմնական պահանջները.
- Յստակ դարձնել Ազերպայճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին, որ Միացեալ Նահանգներ չ՚ընդունիր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ շարունակուող հալածանքը։
- Պահանջել երկու ղեկավարներէն՝ ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները, յատկապէս Պաքուի մէջ պատանդ առնուած 20 հայերը եւ Հայաստանի մէջ բանտարկուած 4 հոգեւորականներն ու եկեղեցւոյ աջակիցները։
- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պաշտօնապէս ներգրաւել Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ՝ իբրեւ երկխօսութեան գործընկեր։
Նամակի աւարտին Սրբազանը աղօթք կը խնդրէ իր եւ միւս բանտարկուածներուն համար՝ շեշտելով, որ Հայ եկեղեցին դարերէ ի վեր եղած է ազգը միաւորող միակ հաստատութիւնը եւ վերապրած է Օսմանեան կայսրութեան, Խորհրդային Միութեան եւ Ազերպայճանի կողմէ իրականացուած հալածանքներէն։
