ՊԱՔՈՒ – 20 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութիւն՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ

Պաքու

Ալիեւի՝ Փետրուար 4-ին Ապու Տապիի մէջ «Մարդկային եղբայ­րու­թեան» մրցանակ ստանալուն յաջորդ օրը՝ Փետրուար 5-ին  Պաքուի ռազ­մա­կան դա­տարա­նը ցմահ բան­տարկու­թեան դա­տապար­տած է Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի նախ­կին նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեանը, Պաշտպա­նու­թեան բա­նակի նախ­կին հրա­մանա­տար Լե­ւոն Մնա­ցակա­նեանը, զօ­րավար Դա­ւիթ Մա­նու­կեանը, Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահ Դա­ւիթ Իշ­խա­նեանը եւ նախ­կին Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Դա­ւիթ Բաբայեանը, կը յայտնէ ազեր­պայճա­նական APA-ն։

Նախ­կին նա­խագահ­ներ Ար­կա­դի Ղու­կա­սեանն ու Բա­կօ Սա­հակեանը դա­տապար­տուած են 20 տա­րի բան­տարկու­թեան, քանի որ Ազեր­պայճա­նի օրէնսդրու­թիւնը կ՚ար­գի­լէ ցմահ բան­տարկու­թեան են­թարկել 65 տա­րին բո­լորած ան­ձե­րը։

Ամ­բաստա­նեալ­նե­րէն Մա­տաթ Բաբայեանը եւ Մե­լիք­սէթ Փա­շայեանը դա­տապար­տուած են 19 տա­րի բան­տարկու­թեան, իսկ Դա­ւիթ Ալահ­վերդեանը՝ 16 տա­րուան։ Գա­րիկ Մար­տի­րոսեանը դա­տապար­տուած է 18, Լե­ւոն Բա­լայեանը՝ 16, Վա­սիլ Բեկ­լա­րեանը, Գուրգէն Ստե­փանեանը եւ Էրիկ Ղա­զարեանը՝ 15 տա­րի բան­տարկու­թեան։

Պա­քուն Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի ռազ­մա­քաղա­քական ղե­կավա­րու­թիւնը կը մե­ղադ­րէ քա­նի մը տաս­նեակ յօ­դուած­նե­րով՝ պա­տերազմ ծրագ­րել եւ իրա­կանաց­նել, ապօ­րինի վե­րաբ­նա­կեցում, չար­չա­րանքներ եւ այլն։ Նախ­կին պե­տական նա­խարար Ռու­բէն Վար­դա­նեանի դա­տավա­րու­թիւնը առան­ձին կ՚ըն­թա­նայ։

Ազեր­պայճա­նի մէջ հա­յերու դա­տավա­րու­թիւննե­րը բա­ցառա­բար կը լու­սա­բանեն պե­տական լրաս­փիւռնե­րը, ու­րիշնե­րու ներ­կա­յու­թիւնը ար­գի­լուած ըլ­լալով։