«Մեր բոլոր որոշումները ուղղակի կապուած են պատմութենէն քաղուած դասերուն հետ» կ՚ըսէ Հայաստանի վարչապետը
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Երեւանի կայուն ուժանիւթի օրեր»-ու շրջանակին մէջ հանդիպած է «Երիտասարդութիւնը՝ յանուն Հայաստանի գիտահէն ապագային» խորագրով ձեռնարկի մասնակիցներուն։
Վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը ընդունած է տնտեսական եւ հաստատութենական վերափոխման հայեցակարգը, ուր կրթութիւնը հռչակուած է որպէս «ռազմավարութիւններու ռազմավարութիւն»։
Փաշինեան յատկապէս շեշտադրած է պատմութենէն դասեր քաղելու կարեւորութիւնը։ Ան նկատել տուած է, որ հայ ժողովուրդը յաճախ ինկած է պատմական շրջափուլի (cycle) մը մէջ՝ աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերումով պետութիւն ձեռք բերելով եւ հետագային զայն կորսնցնելով։ Սակայն, ըստ վարչապետին, 2020-2025 թուականներուն Հայաստանը յաղթահարեց այդ վտանգաւոր շրջափուլը եւ պահպանեց պետականութիւնը։
«Զոհողութիւններու գնով մենք հասած ենք կէտի մը, ուր Հայաստանը այսօր՝ 2026 Փետրուար 12-ին, աշխարհի ծայրագաւառէն կը տեղափոխուի դէպի աշխարհի կեդրոնը»,– յայտարարած է Փաշինեան։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ուժանիւթի արդիւնաւէտ կառավարման, շինարարութեան, օդի ապականութեան եւ կրթութեան վերաբերող հարցեր։
***
Փետրուար 10-ին վարչապետ Փաշինեան կառավարութեան հարցում-պատասխանի բաժնին, յաջորդ օր ալ հարցազրոյցի մը ընթացքին բազմաթիւ յայտարարութիւններ ըրած է։ Ստորեւ անոնց ամփոփ պատկերը.
– Մեծամօրի հիւլէակայանի շահագործման պայմանաժամը կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ 2046։ Նոր հիւլէակայանի կառուցման հարցը Հայաստան կը քննարկէ քանի մը երկիրներու հետ։
– Հայաստան յառաջիկայ օրերուն ԱՄՆ-ին պիտի յանձնէ TRIPP-ի համաձայնագրի ծրագրին առնչուող իր դիտարկումները։
– Օդակայանին եւ սահմանային անցման բոլոր կէտերուն մէջ պէտք է գործեն առանց շփումի (contactless) անցման ուղիներ։
– Կը քննարկուի Իջեւանէն անցնող երկաթուղիին եւս վերականգնումը։
– Անընդունելի է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ քաղաքականութեամբ զբաղիլը։
– Յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ ՀՀ քաղաքացին պէտք է տէր կանգնի խաղաղութեան։
– Աղքատութեան խնդրի լուծումը կապուած է կառավարութեան արհեստավարժ աշխատանքին հետ։
– Սկսած ենք շօշափել այն գիծը, որմէ ետք խաղաղութիւնը անշրջելի է (Պաքուի հետ բանակցութիւններու մասին)։
– Ազերպայճանի տարածքով երկաթուղային կապը բաց է, սակայն մեր գործարար աշխարհը տակաւին չէ «մարսած» այդ լուրը։
– Ռուսաստանի դէմ պիտի չգործենք։
– Հետեւողականօրէն պիտի հետապնդենք սահմանազատման ճամբով ազերպայճանական զօրքերուն ետ քաշուիլը Հայաստանի տարածքէն։
– Վագիֆ Խաչատրեանը չէր վերադառնար, եթէ չըլլար խաղաղութեան բարելաւուող միջավայրը։
– Կը տեսնենք, որ Հայաստան-Ազերպայճան օրակարգին մէջ տնտեսութիւնը առաջ կ՚անցնի քաղաքականութենէն։
– Հայաստանի մէջ մեծ դրամական ներհոսքեր կը սպասուին։
– ԱՄՆ փոխնախագահին այցը ներդրումային յաւելեալ ուշադրութիւն կը յառաջացնէ Հայաստանի նկատմամբ։
– ԱՄՆ-ու փոխնախագահին այցը կը ցոլացնէ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու միջեւ ձեւաւորուած ռազմավարական գործընկերութեան խորութիւնը։
– Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւնները այսօր աւելի ամուր են, քան երբեք։
***
Եզրափակենք Փաշինեան-Վենս հանդիպումէն կարեւոր «մանրամասնութիւն»-ով մը, որ մեր նախորդ թիւի լրատւութեան մէջ ակամայ շրջանցուած էր։ ԱՄՆ-ու փոխնախագահը Փաշինեանին իր աջակցութիւնը յայտնած է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։