«Հայաստանի կառավարութեան մօտեցումը Սփիւռքի հետ կապերու խզման վտանգ կը ստեղծէ»
Նուպար Աֆէեան, Էնթընի Պարսամեան, Լորտ Արա Տարզի, Էրիք Էսրայէլեան, Վահէ Կապրաշ, Վաչէ Մանուկեան, Ժոզէֆ Ուղուրլեան եւ Պերճ Սեդրակեան հրապարակած են համատեղ յայտարարութիւն մը՝ Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդներուն միջեւ ընթացող ներկայ հակամարտութեան վերաբերեալ, որ լոյս տեսած է Փետրուար 12-ին Հայաստանի «Մետիմաքս» լրասփիւռի կայքէջին վրայ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Հայերը աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկն են, որոնք պատմականօրէն բնակած են Հարաւային Կովկասի մէջ գտնուող մեր նախնեաց հողերուն վրայ։ Մենք նաեւ կը դաւանինք աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական ուղղութիւններէն մէկը, որուն արմատները կ՚երկարին մինչեւ 301 թուական, երբ Հայաստան դարձաւ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունող առաջին պետութիւնը։ Այն ժամանակէն ի վեր, հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ այսօր գրեթէ 97 տոկոսը, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ անդամ է։
Օսմանեան կայսրութեան անկման շրջանին, հայերը քշուեցան իրենց հայրենի հողերէն եւ կոտորուեցան սարսափելի ցեղասպանութեան մը ընթացքին։ Անոնք, որոնք չջարդուեցան, ստիպուած եղան գաղթելու՝ հաւաքաբար կազմաւորելով Հայկական Սփիւռքը։ Մինչ հայերը ցրուեցան աշխարհով մէկ, մենք դիմեցինք մեր Եկեղեցւոյ՝ իբրեւ մխիթարութեան եւ հայրենիքի հետ կապի աղբիւր։ Ուր ալ ապրեցանք, հայկական համայնքները ճանչցուեցան եկեղեցիներ եւ դպրոցներ կառուցելու իրենց նուիրումով՝ պահպանելու համար այն հաւատքն ու ազգային ժառանգութիւնը, զորս մեր հալածիչները փորձած էին բնաջնջել։
Աւելի ուշ, երբ Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ եւ սկսաւ ծնունդ առնել Հայաստանի նոր անկախ Հանրապետութիւնը, Սփիւռքը էական աջակցութիւն ցուցաբերեց Եկեղեցւոյ, որ ան վերականգնի տասնամեակներ տեւած խորհրդային ճնշումներէն ետք։ Այսօր, աշխարհասփիւռ հայ առաքելական եկեղեցիները, ներառեալ՝ Լիբանան գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Երուսաղէմի ու Պոլսոյ պատրիարքութիւնները, փոխկապակցուած են, միասնական եւ կը ճանչնան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ը որպէս Եկեղեցւոյ համաշխարհային առաջնորդ, որուն նստավայրը Հայաստանի մէջ է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ըստ հաշուարկներու՝ շուրջ 3 միլիոն հայ կ՚ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, մինչդեռ 10 միլիոն հաշուուող հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կ՚ապրի Սփիւռքի մէջ, որմէ աւելի քան մէկ միլիոնը՝ Միացեալ Նահանգներ։
Վերջերս, Հայաստանի մէջ յարատեւ քաղաքական անհամաձայնութիւնները, ներառեալ՝ Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդներուն միջեւ աճող հակամարտութիւնը, հասած են եռման կէտի՝ կառավարութեան կողմէ հրահրուող՝ Եկեղեցւոյ պետը հեռացնելու պահանջներով, հակառակ անոր որ ան յաւուր պատշաճի ընտրուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կանոնակարգերուն համաձայն։ Քանի մը արքեպիսկոպոսներ բանտարկուած են՝ քաղաքական յայտարարութիւններ կատարելու մեղադրանքով, իսկ ռուսահայ ականաւոր բարերար եւ գործարար մը բանտարկուած է Եկեղեցւոյ դիրքորոշման հրապարակաւ աջակցելուն համար։
Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան դէմ շարունակական յարձակումները եւ անոր առաջնորդին բռնի կամ պարտադրուած հեռացման սպառնալիքը ուղղակի վտանգ կը ներկայացնեն աշխարհի բոլոր այն հայերուն համար, որոնք կ՚ապաւինին Եկեղեցւոյ՝ հոգեւոր սնունդ ստանալու համար։
Մենք կոչ կ՚ուղղենք, որ եկեղեցական կառավարման առնչուող բոլոր հարցերը լուծուին Եկեղեցւոյ կառավարման կառոյցներուն միջոցով, որոնք գործած են արդէն 18 դար՝ համաձայն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ուսմունքներուն եւ աւանդութիւններուն։ Եկեղեցին արդէն իսկ հրաւիրած է եպիսկոպոսաց ժողով մը Փետրուար 17-19, որ տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ։ Դժբախտաբար, ըստ տեղեկութիւններու, կառավարութիւնը իրաւական ծանուցումներ յղած է քանի մը եպիսկոպոսներու՝ մերժելով անոնց երկրէն դուրս ելլելու իրաւունքը՝ ժողովին մասնակցելու համար։ Սինոդոսին պէտք է յաջորդէ Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարումը՝ քննարկելու ներկայ մարտահրաւէրները եւ առաջարկելու նորոգման ուղի մը՝ հաւատարիմ մնալով եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններուն եւ կանոններուն։
Եկեղեցւոյ ինքնակառավարումը՝ շարունակական բարելաւման եւ բարեփոխման համար, կենսական կարեւորութիւն ունի։ Ան կը կազմակերպէ պարբերական սինոդոսներ՝ իր եպիսկոպոսներու հաւաքներ, ինչպէս նաեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովներ (ԱԵԺ), որոնց մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին թէ՛ աշխարհականները եւ թէ՛ հոգեւորականութիւնը։ Այս մարմինը Եկեղեցւոյ կառավարման բարձրագոյն մարմինն է, եւ միայն այս մարմինն է, որ կ՚ընտրէ կաթողիկոսը։ Այս Ժողովը նաեւ կը խորհրդակցի եւ կրնայ քուէարկել Եկեղեցւոյ կանոններու, օրէնքներու եւ գործելակերպերու փոփոխութիւններուն համար։
Մենք կոչ կ՚ընենք Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ՝ լուծելու որեւէ տարակարծութիւն այնպիսի եղանակով, որ կը յարգէ Եկեղեցւոյ ինքնակառավարման կանոնները, կը յարգէ քաղաքական գործունէութեան տարանջատումը Եկեղեցւոյ առաքելութենէն եւ կը պաշտպանէ ամբողջ սփիւռքահայութեան իրաւունքը՝ դաւանելու իր հաւատքը, զերծ մնալով կառավարութեան քաղաքական միջամտութիւններուն վնասակար հետեւանքներէն։ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու ժառանգներուն համար, հայութիւնը բնաջնջելու այդ ձախողած փորձին յիշողութիւնը եւ անոր յաջորդած վերածնունդի երկար ուղին, ներկայ իրադարձութիւնները կը դարձնեն յատկապէս ցաւոտ եւ սպառնալից։ Եկեղեցին է, որ օգնեց ժողովուրդին գոյատեւելու եւ վերածնելու Ցեղասպանութենէն ետք. Եկեղեցին է, որ օգնեց վերակենդանացնելու հայ ոգին. եւ նոյն այդ Եկեղեցին անհրաժեշտ է, որպէսզի աշխարհով մէկ սփռուած հնագոյն ազգը կարենայ բարգաւաճիլ։ Նոյնիսկ եթէ ակամայ է, Հայաստանի կառավարութեան մօտեցումը կը ներկայացնէ Սփիւռքի հետ իր յարաբերութիւններու խզման սպառնալիք. բան մը, որ Օսմանեան կայսրութիւնը կամ Խորհրդային Միութիւնն իսկ չկրցան ընել։
Հայ եկեղեցին հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ բոլոր հայերուն, ներառեալ հայութեան ճնշող մեծամասնութեան, որ կ՚ապրի Հայաստանէն դուրս։ Հետեւաբար, անհատի մը, կառավարութեան կամ ԱԵԺ-ի պատշաճօրէն ընտրուած պատուիրակներէն զատ որեւէ դուրսի մարմինի կողմէ յարձակում կամ միջամտութիւն Եկեղեցւոյ կառավարման կամ գործունէութեան վրայ, ուղղակի ազդեցութիւն կ՚ունենայ ամբողջ աշխարհի հայութեան վրայ։ Որպէս Միացեալ Նահանգներու եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ, սփիւռքահայերը պարտաւոր են դիմելու իրենց սեփական կառավարութիւններու աջակցութեան,– ներառեալ քաղաքական լուծումներ եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ իրաւական գործողութիւններ,– պաշտպանելու համար մեր կրօնական իրաւունքները։ Այս իրաւունքները կ՚երաշխաւորեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը, որ խարսխուած է քրիստոնէութեան վաղագոյն շրջանէն եկող կանոններուն եւ աւանդութիւններուն վրայ։
Հայաստան կանգնած է իր պատմութեան ճակատագրական խաչմերուկին։ Հիմա ժամանակը չէ, որ Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան միջեւ ներքին պառակտումները ա՛լ աւելի տկարացնեն համաշխարհային հայութիւնը։ Այս ներքին ճգնաժամը լիցքաթափելու հրամայականին առջեւ ենք, որպէսզի Հայոց պետականութիւնը, Հայ եկեղեցին եւ Հայկական սփիւռքը միասնաբար թեւակոխեն խաղաղութեան ու բարգաւաճման նոր դարաշրջան մը։ Կոչ կ՚ուղղենք աշխարհասփիւռ հայութեան՝ բարձրացնելու իր հաւաքական ձայնը եւ պահանջելու իրաւունքը՝ դաւանելու իր հաւատքը քաղաքական միջամտութիւններէ զերծ եւ ինքնանորոգուող Եկեղեցւոյ մը յարկին տակ»։