Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ. Ծերակուտական Քրիսթինա Քենելիին՝ հայկական համայնքին կողմէ շնորհուած է «Տարուան բարեկամը» մրցանակը

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը (ANC-AU) Դաշնակցային Ծերակոյտի փոխնախագահուհի, Ներքին գործոց, ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան հարցերու նախարարուհի Քրիսթինա Քենելիին յանձնած է Աւստրալիոյ հայ համայնքի՝ 2021-ի «Տարուան բարեկամը» մրցանակը, Յանձնախումբին՝ Սիտնիի մէջ 2022 Փետրուար 19-ին տեղի ունեցած տարեկան ընթրիքի ընթացքին։ 

Քենելի՝ Աւստրալիոյ ամէնէն ծանօթ քաղաքական գործիչներէն է, Աւստրալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան միութեան անդամ է Դաշնակցային Ծերակոյտի մէջ իր պաշտօնավարման սկիզբէն ի վեր:

Ան, Նոր Հարաւային Կալլէսի երեսփոխանութեան ու վարչապետութեան օրերէն ծանօթացած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, զոր բարձրացուցած էին իր նահանգի Հայերը: Երբ ան հասած է դաշնակցային դիրքերու՝ դարձած է Աւստրալիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան ամէնէն մեծ ջատագովներէն մէկը:

Վերջերս ծերակուտական Քենելի վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքին՝ միանալով Արցախի բարեկամներու աւստրալիական ցանցին։ Ան հանդիպումներ ունեցած է Ստեփանակերտէն ժամանած պատուիրակութիւններու հետ եւ քանի մը անգամ հրապարակաւ խստօրէն դատապարտած է Արցախի ենթարկուած վերջին յարձակումը։ 

Մրցանակի յանձնումի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ՝ ծերակուտական Քենելի իր սրտանց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնած է աւստրալահայ համայնքին։

“Մեծապէս ուրախ ու խոնարհ, աներեւակայելի մեծ պատիւ կը զգամ Նոր Հարաւային Կալլէսի եւ ընդհանրապէս համայն Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ ունեցած իմ խոր եւ երկարամեայ բարեկամութեան այս ճանաչումով”,– ըսած է Քրիսթինա Քենելի: