Երեք տարուան պաշտօնավարումէ ետք՝ Յունուարի կիսուն ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին պիտի աւարտէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանատունէն։
Դեսպանատան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ դեսպանին հեռանալէն ետք ԱՄՆ-ու քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ փոփոխութեան պիտի չենթարկուի։
«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի հետ իր գործընկերութեան ու կ՚ակնկալէ տեսնել ԱՄՆ-ու եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հետագայ զարգացումը, ինչպէս նաեւ՝ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան պատմական վեհաժողովի ընթացքին նախագահ Թրամփի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ ստորագրուած երկկողմանի համաձայնագրերու իրականացումը»,– ըսուած է դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
