Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Արդարութիւն և զարգացում» կուսակցութեան (AKP) մամլոյ բանբեր Էօմեր Չելիք՝ AKP-ի կեդրոնական գործադիր խորհուրդի նիստէն ետք տեղի ունեցած լրագրողներու հետ զրոյցին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
“Մենք ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Վերջերս նկատեցինք, որ հայկական սփիւռքի որոշ ներկայացուցիչներ այդ գործը ձախողցնելու համար յատուկ ջանքեր կը գործադրեն: Մենք կը հետեւինք այդ ամէնուն”,– ըսած է թուրք պաշտօնատարը:
«Էրմենիհապեր»-ի համաձայն՝ Չելիք անդրադառնալով Մայիս 3-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ ու Հայաստանի յատուկ բանագնացներու 3-րդ հանդիպման՝ նշած է, թէ ցայժմ տեսակցութիւնները ընթացած են «կառուցողական մթնոլորտի մէջ՝ նպատակ ունենալով յարաբերութիւններու կարգաւորման ապահովումը»: