ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտըն Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Անկախութեան օրուան առիթով: Ազերպայճանի նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.-
«Այս տարի մենք կը նշենք Միացեալ Նահանագներու եւ Ազերպայճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-րդ տարեդարձը: Անցեալ 30 տարիներու մեր համագործակցութիւնը՝ ուժանիւթի աղբիւրներու եւ միջազգային անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ, ընդգծելի է պատմութեան այս կարեւոր պահուն, երբ Ազերպայճան նշանակալի դեր կը խաղայ եւրոպական եւ միջազգային շուկաներու անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ: Ազերպայճանի կողմէ Ուքրաինայի ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ երկրին մարդասիրական եւ ուժանիւթի օգնութեան տրամադրումը կարեւոր ուղերձներ են: Մենք նաեւ կը գնահատենք ձեր զգալի ներդրումը՝ ահաբեկչութեան դէմ համաշխարհային պայքարի աշխատանքներուն:
Այժմ պահն է յուսալու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարելիութիւն ստեղծուած է: ԱՄՆ պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, որ պիտի յանգեցնէ Կովկասի եւ Անդրկասպեան տարածաշրջանի բարգաւաճման: Ազերպայճանին կոչ կ՚ուղղենք պատշաճ քայլերու նախաձեռնելու՝ ժողովրդավարական կառավարման եւ բարեփոխումներու ոլորտներուն մէջ:
Համընդհանուր այս անկայուն ժամանակաշրջանին, երբ Ռուսաստան, պատերազմ ծաւալելով Ուքրաինայի դէմ կը փորձէ անտեսել միջազգային անվտանգութեան հիմնական չափանիշերը, ԱՄՆ անգամ մը եւս կը հաստատէ իր աջակցութիւնը Ազերպայճանի անկախութեան ու ինքնիշխանութեան: Յառաջիկայ տարիներուն եւ տասնամեակներուն մենք մտադիր ենք ա՛լ աւելի ընդլայնելու մեր յարաբերութիւնները:
Անկախութեան օրուան առիթով ազերպայճանցի ժողովուրդին կը յղեմ լաւագոյն մաղթանքներս»: