Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. Պիւիսոնի յաջորդական ուշագրաւ գրառումը

Եթէ ժամանակ առ ժամանակ կ՚անդրադառնանք «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի՝ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումներուն, պէտք չէ կարծել որ ան դադար կ՚առնէ անոնց միջեւ։ Ենթական կը գրէ գրեթէ ամէն օր, երբեմն՝ օրը բազմաթիւ անգամներ, ֆրանսական հանրային կարծիքը տեղեակ պահելու համար Հայաստանի ու Արցախի՝ թուրքեւազերպայճանական զոյգին կողմէ ենթարկուած հանապազօրեայ ոտնձգութիւններուն մասին։  

Օրինակ, Մայիս 23-ին, իր թուիթըրեան հաշիւին ան կատարած է հետեւեալ գրառումը.-

«Ո՞վ կրնայ հաւատալ ազերպայճանական խաղաղութեան խոստումներուն։ Այն պահուն երբ Ալիեւ եւ Փաշինեան այդ մասին կը բանակցէին Պրիւսէլի մէջ, թրքական նոր սերունդի անօդաչու մը փորձարկուեցաւ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ, ռազմափորձեր սկսան Թուրքիա-Հայաստան սահմանին՝ Կարսի մէջ, Հայոց հին մայրաքաղաքին, որ այսօր Թուրքիոյ մաս կը կազմէ…»։ 

***

Պիւիսոնի կատարած ակնարկէն օգտուելով նշենք որ՝ Թուրքերը անօդաչու նոր սարք մը արտադրած են, որու յատկութիւնն է աննկատ մնալ ռատառներէն։ Այդ սարքն է, որ փորձարկուած է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ, բնականաբար Հայաստանի վրայով… անկասկած քիչ մը աւելի ահաբեկելու համար հայկական կողմը։  

Իսկ ինչ կը վերաբերի ռազմափորձերուն՝ Մայիս 22-էն 26 Հայաստանի սահմանին տեղի ունեցած թուրք-ազերի «Հայտար Ալիեւ–2022» ռազմափորձերուն մասին է խօսքը։