«Ալֆորվիլ, հայկական գիւղ մը. 1920-1930-ական թուականներ» (2026 Ապրիլ 13-19)
Ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք Ալֆորվիլ հաստատուած հայերու առաջին սերունդի պատմութիւնը
Սեւան Անանեանի կողմէ պատրաստուած այս ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 13-ին, «Le 148» մշակութային կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը, որ եկած էր բացայայտելու այս աննախադէպ աշխատանքը:

Յենլով յատկապէս «ԱՐԱՄ» միութեան արժէքաւոր արխիւներուն վրայ եւ անխտիր աջակցութեամբ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան, Սեւան Անանեան կ՚առաջարկէ սուզուիլ երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ ինկած ժամանակահատուածի մերկ իրականութեան մէջ: Ան կը քանդէ «յաջողած» համարկման առասպելը՝ բացայայտելով առօրեայի դժուարութիւնները, ժամանակի քաղաքական ճառերուն թշնամանքը եւ անխոնջ ջանքը այն այրերուն ու կիներուն, որոնք իրենց ձեռքերով կառուցեցին քաղաքին հարաւային թաղամասը՝ զայն վերածելով այնպիսի վայրի մը, զոր հայկական թէ ֆրանսական աղբիւրները այն ատեն կը կոչէին «Հայկական գիւղ»:
Ցուցահանդէսը արժանի յարգանքը կը մատուցէ Ալֆորվիլ հաստատուած այս ռահվիրաներուն՝ ցնցող դիմանկարներու եւ հազուագիւտ վաւերաթուղթերու ընդմէջէն, մինչ հնչիւնները «Տէր Զօրի անապատներուն» ողբերգին, որ այն ատեն կ՚երգուէր Ալֆորվիլի մէջ,– ինչպէս Սփիւռքի շատ մը վայրերու մէջ,– յուզիչ հնչեղութիւն կու տան այս պատմական համայնապատկերին: Այս նախաձեռնութիւնը, որ կը վայելէ քաղաքապետարանին եւ քաղաքապետ Լիւք Գարվունասի աջակցութիւնը, ցայտուն կերպով կը յիշեցնէ, թէ Ալֆորվիլի ինքնութեան հայկական բաժինը, որ այսօր հպարտութեամբ կը պաշտպանուի, կերտուած է երբեմնի լուսանցքային թաղամասի մը արմատական կերպարանափոխութեամբ՝ դառնալով ճառագայթման մեծ կեդրոն, շնորհիւ միութենական զօրակցութեան, համայնքին երկաթեայ կամքին եւ քաղաքապետարանի նախաձեռնող ոգիին:
ՆՈՐԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Պորիս Աճէմեանի դասախօսութիւնը՝
«Արամ Անտոնեան եւ Նուպարեան մատենադարանը. ժառանգութիւնն ու յիշողութիւնը՝ Սփիւռքի մէջ»
Ապրիլ 15-ին, պատմաբան եւ Նուպարեան մատենադարանի (Փարիզի 16-րդ թաղամաս) տնօրէն Պորիս Աճէմեան սկիզբ դրաւ դասախօսութիւններու շարքի մը՝ վերոնշեալ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ: Պորիս Աճէմեանի դասախօսութիւնը կը վերաբերէր իր հեղինակած «Գրադարանը եւ վերապրողը» («La bibliothèque et le survivant», Anamosa հրատարակչատուն, 2025) գիրքին, որ կ՚առաջարկէ, հեղինակին իսկ բառերով, վերագծել Նուպարեան գրադարանին եւ անոր առաջին գրադարանապետին՝ Արամ Անտոնեանի (Կոստանդնուպոլիս, 1879 — Փարիզ, 1951) «կրկնակի կենսագրութիւնը»:


Իր ներածական խօսքէն իսկ, Նուպարեան մատենադարանի տնօրէնը մեզ հրաւիրեց հետեւելու իր պրպտումներուն, որոնք կը մատնանշեն 20-րդ դարու հայոց պատմագրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող բաց մը՝ գրադարաններն ու գիրքերը: Ժառանգութեան հասկացութեան շուրջ խորհրդածութիւնը, որ ներկայ էր ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին, յենեցաւ կորուստի (մատենադարանը կը ստեղծուի հայկական ընկերային աշխարհի ոչնչացման յաջորդող օրերուն) եւ պահպանման տրամաբանութեան վրայ:

Պորիս Աճէմեան յիշեցուց, թէ մատենադարանի պատմութիւնը գրել, կը նշանակէ, թերեւս ամէն բանէ առաջ, գրել անոր առաջին գրադարանապետին՝ Արամ Անտոնեանի պատմութիւնը: Պատմաբանը մեծ խանդավառութեամբ ուրուագծեց տպաւորիչ բեղմնաւոր գրիչով այս լրագրողին դիմանկարը, որ նաեւ հմուտ գրասէր մըն էր ու տաղանդաւոր գծագրիչ մը. տաղանդ մը, որ ան նախ գործածեց իր ժամանակի հայ քաղաքական գործիչները սուր ծաղրանկարներով քննադատելու համար, ապա՝ Նուպարեան մատենադարանին մէջ իր հետագայ գործունէութեան ընթացքին, հայկական ձեռագրերու մանրանկարչութենէն ներշնչուած զարդանախշեր նկարելով: Մինչ ան պաշտօն կը վարէր Օսմանեան Ներքին գործոց նախարարութեան գրաքննութեան գրասենեակին մէջ, 1915-ին այլ հայ մտաւորականներու նման կ՚աքսորուի, հրաշքով ողջ կը մնայ եւ, Անատոլուի ու Միջին Արեւելքի ճամբաներով երկար թափառումներէ ետք, կը հասնի Փարիզ, ուր 1919-ին կը միանայ Հայ Ազգային Պատուիրակութեան: Ան իր կեանքի այս ողբերգական դրուագին կ՚անդրադառնայ իր երկու հրատարակութիւններուն մէջ. «Այն սեւ օրերուն…» (1919) եւ «Աքսորի ճամբուն վրայ» (1919-1920):
Ըստ Պորիս Աճէմեանի իսկ արտայայտութեան՝ այս «թուղթի/թուղթերով՝ Հայաստան»-ի (Ֆրանսայի մէջ ծանօթ՝ անուշաբոյր «Papier d’Arménie» / «Հայաստանի թուղթ» անունէն մեկնած բառախաղով) ստեղծումը արդիւնքն էր կրկնակի դրդապատճառի. մէկ կողմէ՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի (1851-1930) մղումին, եւ միւս կողմէ՝ պոլսեցի հարուստ գրասէրի մը՝ Վիչէն Հոլասի ժառանգորդներուն նախաձեռնութեան, որոնք կը փափաքէին իրենց հօր գրադարանը կտակել Թուրքիայէն դուրս գտնուող հայկական հաստատութեան մը: Պորիս Աճէմեան յիշեց 1928-ին իր դռները բացած Մատենադարանի հիմնադրութեան հիմքը հանդիսացող մշակութային նկրտումները. ան պիտի չըլլար սովորական հայկական գրադարան մը այլոց մէջ, այլ՝ հայ ազգային մատենադարան մը, «վտարանդի ազգային սրբավայր մը»: Սրբութեան նմանօրինակ հռետորաբանութիւն մը կը տիրապետէ նաեւ անխոնջ գրադարանապետ Անտոնեանի գրութիւններուն մէջ. «Ես գրադարան կը մտնեմ այնպէս, ինչպէս մենաստան մը կը մտնեն», կը խոստովանի ան, որ կը հսկէ գիրքերու եւ արխիւներու պահպանման, զորս կը կոչէ «նշխար»: Ուստի ան ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ ապահովելու անոնց պահպանման լաւագոյն պայմանները. կը նախագծէ դարակները, կը մտածէ անոնց դասաւորման մասին՝ հաւաքածոները լոյսէն հեռու պահելու համար, կը հոգայ օդափոխութեան համակարգի տեղադրումը՝ փոշիի կուտակումը նուազեցնելու նպատակով եւ այլն:
1940-ի ֆրանսական պարտութենէն ետք գերմանական բռնագրաւիչ ուժերուն կողմէ Մատենադարանի թալանը յատուկ հետաքրքրութիւն արթնցուց ներկաներուն մէջ. խոր տպաւորութիւն գործեց Պորիս Աճէմեանի նկարագրած պատկերը, որ ցոյց կու տար սրբավայրին «նշխար»-ները պահպանելու Անտոնեանի յամառութիւնը. աքսորի ճամբաներուն վրայ ինկած ու հաշմանդամ դարձած տարեց գրադարանապետը գիշերով շէնքի նկուղին մէջ կը պահէ հազուագիւտ եւ արժէքաւոր հրատարակութիւններով լեցուն պարկեր՝ զանոնք փոխարինելով նուազ արժէքաւոր գիրքերով, ապա կը փոփոխէ գրադարանի գրացուցակը՝ բռնագրաւիչին կասկածները չարթնցնելու համար:
Պորիս Աճէմեան իր խօսքը եզրափակեց անդրադառնալով յետ-անտոնեանեան դարաշրջանին՝ Ցեղասպանութեան յիշողութեան քաղաքականացման եւ նիւթին վերաբերեալ ակադեմական հետազօտութիւններու սկզբնաւորման շրջանին: Նուպարեան մատենադարանը այնուհետեւ անցման պարտադիր կէտ մը կը դառնայ այս հարցով զբաղող պատմաբաններուն համար, ինչպէս՝ Իվ Թերնոնը կամ Անահիտ Տէր-Մինասեանը: Ռեմոն Գէորգեան, որ եղած է 1986-էն 2012 մատենադարանին տնօրէնը, ցեղասպանութեան մեծագոյն մասնագէտներէն մէկն է:
Մենք չենք կրնար հոս հաւատարմօրէն վերարտադրել Պորիս Աճէմեանի խանդավառ խօսքին ճոխութիւնն ու ճշգրտութիւնը: Հանրութեան կողմէ հնչած բազմաթիւ եւ բազմազան հարցումները, որոնք կը վերաբերէին Անտոնեանին, գրադարանի գնումներու քաղաքականութեան, անոր այցելուներուն, հաւաքածոներուն կամ առաքելութիւններուն, վկայեցին դասախօսութեան արթնցուցած հետաքրքրութեան մասին. թերեւս անոնք նաեւ հաստատեցին ազգագրագէտ եւ մարդաբան Տանիէլ Ֆապրիի կողմէ «Ժառանգութեան յոյզեր» (2013) գիրքին մէջ արծարծուած այն գաղափարը, ըստ որուն գրադարաններու կամ արխիւներու հաւաքածոները, պատմական յուշարձաններու նման, զօրաւոր յուզական պոռթկումներ կը յառաջացնեն:
Աստղիկ Ադամեանի դասախօսութիւնը՝
«Ֆրանսայի հայ համայնավարներու պատմութիւնը. 1920-1990»
Նոյն շրջանակին մէջ, նոյն վայրը, Ապրիլ 18-ին տեղի ունեցաւ Աստղիկ Ադամեանի դասախօսութիւնը, հիմնուած՝ իր «Մանուշեանի խումբը. Ֆրանսայի հայ համայնավարներու պատմութիւնը (1920-1990)» («Ceux de Manouchian. Une histoire des communistes arméniens en France, 1920-1990», Presses Universitaires de Rennes, 2025) գիրքին վրայ: Այս գործը, որ ծնունդ առած է 2014-ին INALCO-ի մէջ Գլէր Մուրատեանի ղեկավարութեամբ պաշտպանուած դոկտորական աւարտաճառէ մը, նպատակ ունի ուսումնասիրել պատմագիտական հետազօտութեան տակաւին քիչ քննուած մէկ ասպարէզը, ինչպէս յիշեցուց Աստղիկ Ադամեան իր դասախօսութեան ներածականին մէջ:


1920-ական թուականներու արշալոյսին Ֆրանսա ժամանելէ քիչ ետք, երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ գործուած 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրածները զանգուածային «բանուորացում» (prolétarisation) կ՚ապրին: Ոմանք կը միանան նորաստեղծ ֆրանսական Համայնավար կուսակցութեան շարքերուն, որ օտարազգի աշխատուժը կը համախմբէր «լեզուական խումբերու» մէջ՝ կուսակցութեան ռազմավարական ուղղութիւնները թարգմանելու եւ տարածելու համար այն համայնքներուն մէջ, որոնք տակաւին ֆրանսախօս չէին: Աստղիկ Ադամեան կը շեշտէ այն հիմնական տատանումը, որ կը յատկանշէ հայկական համայնավարութիւնը Ֆրանսայի մէջ՝ միջազգայնականութեան եւ ազգայնական դրդապատճառներու միջեւ, զորս կ՚օգտագործէր Խորհ. Միութիւնը Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէին (ՀՕԿ) միջոցով, հիմնուած 1921-ին՝ հակակշռելու համար Սփիւռքի անկախական նկրտումները: Այս հայկական համայնավարութիւնը կը զարգանայ շարժումի համաշխարհային պատմութեան վերիվայրումներուն համընթաց. այսպէս, ստալինեան շրջանը եւ «ընկերվարութիւն՝ մէկ երկրի մէջ» ռազմավարութիւնը կը յատկանշուին ներգաղթի ի նպաստ ծաւալուն արշաւով մը, բայց նաեւ՝ զտումներու դարաշրջանին, 1937-ին ՀՕԿ-ի լուծարումով: Նացիական բռնագրաւման դէմ ընդյատակեայ պայքարը, ուր առաջին հերթին աչքի կը զարնէ Միսաք Մանուշեանը, կը ներգրաւէ աւելի մեծ թիւով հայեր: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, ֆրանսական քաղաքական դաշտին մէջ Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան գերիշխանութեան պայմաններուն տակ, նոր կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ Ֆրանսահայ երիտասարդական միութիւնը (JAF) եւ Ֆրանսահայոց մշակութային միութիւնը (UCFAF), կը յաջորդեն նախորդ տասնամեակներու կառոյցներուն, մինչ հետզհետէ մեծ թիւով հայեր կ՚ընտրեն ներգաղթի ճամբան: Պատմաբանը կը յիշեցնէ, որ 1965-էն սկսեալ ի յայտ եկած Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը իր շուրջ կը համախմբէ Սփիւռքի մէջ առկայ տարբեր քաղաքական հոսանքները՝ առանց ջնջելու խոր տարակարծութիւնները:
Աստղիկ Ադամեան յաջողեցաւ իրագործել այս երկար ու բարդ պատմութիւնը խտացնելու դժուարին խնդիրը՝ հարուստ վաւերագրութեամբ (արխիւներ եւ լուսանկարներ) հիմնաւորուած, բովանդակալից դասախօսութեան մը մէջ: Հանրութեան բազմաթիւ հարցումները շօշափեցին ներգաղթի փորձառութիւնները, շեշտեցին գերիշխանութեան այն բախումները, որոնք պառակտեցին Սփիւռքը, եւ առիթ ստեղծեցին արդիւնաւէտ քննարկումի մը, որ դէմ առ դէմ դրաւ ապրուած փորձառութիւնն ու արխիւներու վրայ կատարուած աշխատանքը:
ՆԱՐԵԿ ԹԱՃԻՐԵԱՆ
Փաթրիս Ճոլոլեանի դասախօսութիւնը՝
«Արաքս» լուսանկարչատան յուշերուն ընդմէջէն
Ապրիլ 18-ին, «Ալֆորվիլ, հայկական գիւղ մը. 1920-1930-ական թուականներ» ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, «Le 148» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ուրիշ դասախօսութիւն մըն ալ. Փաթրիս Ճոլոլեան զգայացունց սուզում մը առաջարկեց ֆրանսահայ սփիւռքի պատմութեան մէջ:

Յենլով լուսանկարներու եւ ընտանեկան վկայութիւններու վրայ, յատկապէս անոնց, որոնք կապուած են հանրածանօթ «Արաքս» լուսանկարչատան հիմնադիր, իր հօր՝ Գրիգորի կերպարին հետ, Փաթրիս Ճոլոլեան վերակազմեց աքսորով, վերակերտումով եւ փոխանցումով յատկանշուած կեանքերու իսկական խճանկար մը: Պատկերները իւրայատուկ տարողութիւն կը ստանան. անոնք պարզ արխիւներ ըլլալէ շա՜տ աւելին են, անոնք յիշողութեան բեկորներ են, որոնք կը վերագծեն հայերու հաստատումը:
«Արաքս»-ի կողմէ անմահացուած դէմքերուն եւ առօրեայ տեսարաններուն ընդմէջէն կ՚ուրուագծուին անհատական ուղիներ, որոնք արձանագրուած են «ընդածիր պատմութեան» մէջ՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան տեղի ունեցած վերիվայրումներէն մինչեւ Ֆրանսայի մէջ արմատաւորումը: Իր «Գոյատեւել եւ վերածնիլ» գիրքի շարունակութեան ծիրին մէջ, Փաթրիս Ճոլոլեան լոյս սփռեց միաժամանակ մտերմիկ եւ հաւաքական պատմութեան մը վրայ, ուր ընտանեկան յիշողութիւնը կը միանայ ամբողջ ժողովուրդի մը պատմութեան:
Դասախօսութիւնը ցոյց տուաւ նաեւ, թէ ինչպէս լուսանկարչութիւնը, իբրեւ մասնագիտութիւն եւ գործունէութիւն, հանդիսացած է փոխանցման հզօր միջոց մը:
Այս կենսափորձերը ի ցոյց դնելով՝ Փաթրիս Ճոլոլեան հանրութեան ընծայեց պատմական եւ միաժամանակ խորապէս մարդկային պահ մը՝ հրաւիրելով մտածելու ինքնութեան կառուցման եւ այն ձեւին մասին, որով մշակութային ժառանգութիւնները կը շարունակեն ապրիլ եւ կերպարանափոխուիլ այսօր:
ՆՈՐԱ ԹԱՇՃԵԱՆ ■
