Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան աշխատանքային այցով Ֆրանսա ժամանած է։
Այցելութեան ծիրին մէջ, Արցախի խորհրդարանի նախագահը Յունիս 13-ին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի եւ ներկայացուցչութեան անձնակազմին հետ։
Հանդիպումին՝ կողմերը անդրադարձած են 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին ֆրանսական քաղաքական գործիչներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու Արցախին ցուցաբերած օժանդակութեան և զայն շարունակական դարձնելու անհրաժեշտութեան:
ԱԺ նախագահը յատկապէս ընդգծած է պատերազմէն անմիջապէս յետոյ Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին բանաձեւերու որդեգրման կարեւորութիւնը:
Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատած է Ֆրանսայի մէջ ԱՀ մնայուն ներկայացուցչութեան աշխատանքը:
ԱԺ նախագահին հանդիպումները կը շարունակուին ֆրանսական քաղաքական շրջանակներու և ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը տրամադրուին նախագահին Արցախ վերադարձին:
Յիշեցնենք, թէ վերջերս Արցախի ԱԺ նախագահը այցելած էր Լիբանան եւ Կիպրոս:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։