Հռոմի մէջ Յունիս 27-էն Յուլիս 3 ընթացած Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան՝ Հայաստան 5 մետալ նուաճած է, որոնցմէ երեքը՝ ոսկէ, մէկ արծաթէ եւ մէկն ալ պրոնզէ։ Հայաստանի հաւաքականը խմբովին գրաւած է երկրորդ տեղը։
Այսպէս, մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը նուաճած են 70 քկ. դասակարգին մէջ Հայկ Պապիկեան, 79 քկ. դասակարգին մէջ Մուշեղ Մկրտչեան եւ 125 քկ. դասակարգին մէջ Լիովա Գէորգեան։ Արծաթէ մետալակիր դարձած է 57 քկ. դասակարգի ըմբիշ Յարութիւն Յովհաննիսեան, իսկ պատուոյ հարթակի երրորդ աստիճանին բարձրացած է 61 քկ. դասակարգի ըմբիշ Հայկ Աբրահամեան։
Նշենք, թէ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականն ալ նախապէս 1 ոսկէ, 1 արծաթէ եւ 2 պրոնզէ մետալ նուաճած էր Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան։
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշներէն ոսկէ մետալակիր դարձած է Սուրէն Աղաջանեան (60 քկ.), արծաթէ մետալ նուաճած է Աշոտ Խաչատրեան (67 քկ.), իսկ Վիգէն Նազարեան (87 քկ.) ու Ալբերտ Վարդանեան (130 քկ.) ալ դարձած են պրոնզէ մետալակիրներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։