Օգոստոս 9-ին «Հայաստան» դաշինքը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.-
«Յարգելի՛ հայրենակից,
Վերջին օրերին Ադրբեջանի կողմից իրականացուած ռազմական յարձակման, հարկադրանքի եւ պարտադրանքի քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումների եւ Հայաստանի օրուայ իշխանութիւնների պարտուողական կեցուածքի հետեւանքով հայաթափման ու թշնամուն յանձնելու վտանգի առաջ են հայկական նոր բնակավայրեր։ Փաստացի արձանագրուել է նաեւ յստակ ժամկէտ՝ Օգոստոսի 25-ը, որի կանխման պատասխանատու իշխանութիւնները նոյնիսկ որեւէ դիրքորոշում չեն յայտնել:
Նոյեմբերի 9-ի փաստաթղթով սահմանուած ժամկէտից շուտ սպառնալով փակել Հայաստանն Արցախին կապող միջանցքը եւ պահանջելով իրեն յանձնել յարակից բնակավայրերը՝ Ադրբեջանն ակնյայտօրէն հերթական անգամ խախտում է 2020-ի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը։
Վերոնշեալ եռակողմ յայտարարութիւնը որեւէ կէտով չի նախատեսում ճանապարհաշինութեան նպատակով բնակավայրերի յանձնում, չի պարունակում նաեւ դրոյթ, որի համաձայն նոր ճանապարհը պէտք է շրջանցի Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սուս համայնքները։ Ըստ էութեան, նման իրավիճակը ցեղասպան վարքագիծ է՝ միջազգային չափանիշերի լոյսի ներքոյ:
Հետեւաբար՝ ականատեսն ենք միջազգային իրաւունքի հերթական կոպտագոյն խախտումների, ակնյայտ ապօրինի պահանջների, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնների կողմից դրանք փաստացի բաւարարելու պատրաստակամութիւնն առնուազն հիմք է՝ պնդելու, որ կրկին գործ ունենք ժողովրդի թիկունքում ձեռք բերուած համաձայնութիւնների, «բանաւոր փոխըմբռնման» ու բանաւոր պայմանաւորուածութիւնների հետ։ Օգոստոսի 25-ը որպէս վերջնաժամկէտ հանրութեանը հրամցնելը հէնց դրա հերթական վկայութիւնն է:
Այս իրադարձութիւնները կրկին վերահաստատեցին մեր համոզմունքն առ այն, որ միակողմանի զիջումների գնով առաջարկուող խաղաղութիւնը չի կարող իրական, կայուն ու երկարաժամկէտ լինել։ Հայաստանի իշխանութիւնների անհետեւողական, անորոշ քաղաքականութեան պատճառով չկայ պատշաճ համագործակցութիւն եւ ո՛չ մի ուղղութեամբ՝ լինեն խաղաղապահ ուժերը, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութիւնը, թէ ընդհանրապէս՝ միջազգային կառոյցները։
Պարտութեան խորհրդանիշ դարձած իշխանութիւնների հետ Հայաստանի ու Արցախի պարտութիւնը շարունակւում է՝ ամէն օր սպառնալով անդառնալի նոր կորուստների։
Հայ ժողովրդի համախմբումն այսօր հրամայական է՝ անկախ այս իշխանութիւնների գծած բոլոր բաժանարար գծերից, հետեւողականօրէն հրահրած ատելութիւնից։ Հրամայական է համազգային համախմբումը՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութեամբ։ Օրուայ իշխանութիւնները, սպասարկելով թուրք-ադրբեջանական շահերին, փաստացի համատեղ այդ ուժերի հետ իրականացնում են Արցախի հայաթափման ծրագիրը:
Պարտութեան անիւն օր առաջ կանգնեցնել է պէտք, ինչը հնարաւոր է բացառապէս օրուայ իշխանութիւնների հեռացմամբ: Միայն այդ դէպքում է հնարաւոր եղածը պահպանել, նոր կորուստներից խուսափել ու իրական խաղաղութեան հասնել»
* * *
«ՆՅ» – Համայն հայ ազգը յայտնուած է աքցանի մը մէջ։ Դիմացը՝ ի յառաջագունէ իր ռազմական յաղթանակէն վստահ որկրամոլ մը, որ ամէն լուսաբացի նոր գրգռութիւն կը յարուցէ իր նուաճողական միտումները իրագործելու համար, մէջտեղը՝ իր յանձնառութիւնները այս կամ այն պատճառով դրժող իրաւարար մը, եւ ասդին մենք՝ արիւնաքամ։ Ցաւառիթ զարգացումները իրարու կը յաջորդեն։ Իւրաքանչիւր ազգասէր ու բանիմաց Հայ,– ո’ր քաղաքական հոսանքին ալ պատկանի, ի՛նչ հայեացք ալ ունենայ– գիտէ, թէ այս կամ այն փուլին՝ Հայութեան համար ինչը պիտի ըլլար փափաքելի. եւ սակայն փոխարէնը կը դատապարտուի հաստատելու՝ ինչ որ կը կատարուի, որ ճիշդ հակառակն է փափաքելիին։ Բուն հարցականը այն է, որ այդ փափաքելիները իրագործելու լծակները դեռ ունի՞նք։ Ըստ երեւոյթին՝ ո՛չ։ Ազգային ժողովէն ներս Արցախին վերաբերող բառամթերքն իսկ մաղէ անցընելու մակարդակին հասած ենք։
Իսկ ընդդիմութեան քաղաքականութեան մէջ միշտ ներկայ է այդ փափաքելիին հասնիլ չկարենալու դատապարտումը, առանց երբեք լուծում առաջարկելու։ Առանց լուծում առաջարկելու, պարզապէս իշխանութիւն տապալելու կոչեր ընելը որքանո՞վ կրնայ շինիչ, նպաստաւոր ըլլալ։ Առանց ելքի առաջարկներու՝ նման հռետորաբանութիւնը միայն կրնայ ամրապնդել համոզումը թէ՝ ընդդիմութեան միակ նպատակը ներկայի իշխանութիւնները հեռացնելն է իր «մորթը փրկել»-ու համար։ Իսկ եթէ ընդդիմութիւնը ունի «թաքուն» լուծումներ, որոնք հրապարակելը նպատակայարմար չի համարեր (ենթադրենք՝ ինչպէս օրինակ, իշխանութեան գլուխ իր գալու պարագային՝ ռուսական աւելի հայանպաստ քաղաքականութիւն յուսալ, կամ ուրիշ բան…), պէտք է հրապարակէ զանոնք, որպէսզի ժողովուրդն ալ իսկական այլընտանք ունենայ կողմնորոշուելու…
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։