Ծեծկռտուք՝ Երեւանի աւագանիի նիստին

Ծեծկռտուք-f265-4dd4-5aed-08decd277110_w1023_r1_s

Երեւա­նի աւա­գանիի (քա­ղաքա­յին խոր­հուրդ) Յու­նիս 23-ի նիս­տին, իշ­խա­նու­թեան եւ ընդդի­մադիր խմբակ­ցութիւննե­րը իրենց ելոյթնե­րուն մէջ անդրա­դար­ձած են Յու­նիս 7-ի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն, ին­չը պատ­ճառ դար­ձած է փո­խադարձ մե­ղադ­րանքնե­րու։ Ընդդի­մու­թիւնը իշ­խա­նու­թիւննե­րը մե­ղադ­րած է իրենց «երես­փո­խանա­կան լիազօ­րագ­րե­րը գող­նալ»-ու յան­ցանքով, որուն ի պա­տաս­խան իշ­խա­նու­թեան թե­ւէն հա­կադար­ձած են. “Դուք այդ օրի­նակա­նու­թիւնն ու լիազօ­րու­թիւնը չու­նէիք, որ ձեզ­մէ բան մը գող­նա­յին”։

Ապա, իրա­վիճա­կը խիստ լա­րուած է աւա­գանիի ընդդի­մադիր եւ իշ­խա­նական ան­դամնե­րուն մի­ջեւ եւ հա­սած՝ մին­չեւ ծեծկռտու­քի. դահ­լի­ճին մէջ սկսած մի­ջադէ­պը շա­րու­նա­կուած է նաեւ մի­ջանցքին մէջ, ուր կող­մե­րը փո­խադարձ վի­րաւո­րանքներ հնչե­ցու­ցած են իրա­րու հասցէին։ ■