Search
Close this search box.

Կապանի մէջ Իրանի աւագ հիւպատոսը արդէն նշանակուած է եւ ժամանած է Հայաստան 

 

Կապանի մէջ Իրանի աւագ հիւպատոս նշանակուած է Ապետին Վարամին։ Լուրը հաղորդած է Իրանի խորհրդարանի երեսփոխան Ռոբերտ Բեգլարեան, News.am-ի հետ զրոյցին։ Ան աւելցուցած է, թէ հիւպատոսը արդէն Երեւան կը գտնուի եւ շարք մը հանդիպումներ ալ ունեցած է։ 

Նշենք, թէ նախապէս հաղորդուած էր, որ Կապանի մէջ Իրանի աւագ հիւպատոսութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ կը բացուի 2022-ին։ Այդ կապակցութեամբ Բեգլարեան ըսած է թէ՝ իր տեղեկութիւններուն համաձայն Կապանի հիւպատոսարանի շէնքը տակաւին պատրաստ չէ։