ԱՄՆ – Գոնկրէսականները կը պահանջեն հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը

Պրետ Շըրմըն

Պրետ Շըրմըն

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Յունիս 23-ին ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին մէջ տեղի ունեցած է «1000 օր. հիմա ազատ արձակեցէք հայ պատանդները» խորագրով մամլոյ ասուլիս մը։ Հաւաքը նուիրուած է Ազերպայճանի կողմէ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերուն ապօրինի բանտարկութեան 1000-րդ օրուան։

Ասուլիսին մասնակցած են Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Պրէտ Շըրմըն, գոնկրէսականներ Ճիմ Քոսթա, Ճուտի Չու եւ Լօռա Ֆրիտմըն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Ներկայիս Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար կը պահուին առնուազն 19 հայեր, որոնց շարքին են Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը, նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանն ու անոր տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը։

Յատկանշական է, որ այս միջոցառումը կը զուգադիպի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ գոնկրէսական Շըրմընի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութեան քննարկումին, որ Պաքուէն կը պահանջէ առանց նախապայմանի ազատ արձակել բոլոր հայ գերիները։

Իր ելոյթին մէջ Պրէտ Շըրմըն յիշեցուցած է 2023-ի Արցախի հայաթափման արշաւն ու աւելի քան 100.000 հայերու բռնի տեղահանութիւնը։ Ան խստօրէն քննադատած է հայ ղեկավարներուն դէմ բեմադրուած դատավարութիւնները՝ շեշտելով, որ իրական խաղաղութիւնը կարելի է միայն բոլոր գերիներու ազատ արձակումով։

Գոնկրէսականներ Ճուտի Չու եւ Լօռա Ֆրիտմըն իրենց կարգին դատապարտած են Ազերպայճանի ցուցադրական դատավարութիւնները եւ Արցախի մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու Պաքուի քաղաքականութիւնը։ Անոնք պահանջած են ապահովել արցախցիներու անվտանգ վերադարձը իրենց պատմական հայրենիքը։ Իսկ Ճիմ Քոսթա կոչ ուղղած է Ուաշինկթընին՝ աւելցնելու ճնշումը Պաքուի վրայ եւ պահանջած է ազերպայճանական զօրքերու դուրսբերումը Հայաստանի գերիշխան տարածքներէն։

Արամ Համբարեան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կնքուելիք որեւէ համաձայնագիր «կեղծ խաղաղութիւն» պիտի ըլլայ, եթէ անիկա արդարացնէ Պաքուի ցեղասպանական գործողութիւնները։ Ան յիշեցուցած է, որ իսկական խաղաղութեան նախապայմաններն են գերիներու վերադարձը, ազերպայճանական զօրքերու հեռացումը, արցախահայութեան միջազգային երաշխիքներով վերադարձը եւ հայկական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։

Այս առիթով, հայ գերիները ազատ արձակելու կոչով հանդէս եկած են նաեւ ծերակուտական Էտըմ Շիֆ, գոնկրէսականներ Եանկ Քիմ եւ Վինս Ֆոնք, ինչպէս նաեւ «Թոմ Լանթոս» Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովը։