Ազերպայճանական լրասփիւռներ՝ յղում ընելով Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, հաղորդած են, թէ Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Քերիմ Վելիեւ նախարարութեան ղեկավար կազմի այլ ներկայացուցիչներուն հետ այցելած է Հայաստանի հետ սահմանին մօտ գտնուող զօրամասեր։
Ան հանդիպում ունեցած է զինուորներուն հետ, ինչպէս նաեւ ստուգած զինուորական ծառայութեան ու հերթապահութեան կազմակերպումը։ Բացի ատկէ, Վելիեւ նաեւ այցելած է հրետանային, ճարտարագիտական եւ հրամանատարական զօրամասեր, ստուգած անոնց մարտական պատրաստուածութիւնը, իսկ այցի աւարտին հետեւած է հրամանատարական ստորաբաժանումներէն մէկուն վարժանքներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։