ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է  Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայերը ռազմագերի նկատող եւ անոնց անյապաղ ազատ արձակումը պահանջող բանաձեւը

Եւրոպական Խորհրդարանը (ԵԽ), Մարտ 13-ին որդեգրած է  Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայերը, անոնց մէջ Արցախի նախկին ղեկավարութիւնը՝ ռազմագերի,  դատավարութիւնները՝ անօրինական եւ կեղծ նկատող , Պաքուէն անոնց անյապաղ ու առանց նախապայմանի ազատ արձակումը պահանջող բանաձեւը 523 թեր, 3 դէմ եւ 84 ձեռնպահ ձայներով։ 

Նախորդ օր՝ Մարտ 12-ին, սոյն հարցը քննարկուած եւ բանաձեւի նախագիծ որդեգրուած էր խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններուն կողմէ։

“Մենք այլեւս չենք կրնար լռել”,– յայտարարած էր բանաձեւի համահեղինակներէն Մարինա Մըզիւռ (Ֆրանսա), աւելցնելով. “Այդ մարդոց միակ յանցանքն այն է, որ պաշտպանած են իրենց հողը, իրենց ժողովուրդը ու իրենց իրաւունքները։ Եթէ մենք հիմա որեւէ քայլի չդիմենք, կը նշանակէ՝ յստակ ուղերձ կ՚ուղարկենք Ալիեւին, որ ան կրնայ շարունակել այն, ինչ կ՚ընէ Հայաստանին՝ մնալով անպատիժ”։

«Ազերպայճանական բանակը ցեղային զտումներ ու բռնութիւններ իրագործած է, որ պէտք է քննարկուին Պատժական միջազգային ատեանին մէջ։ Անոր հետամուտ ըլլալու փոխարէն Եւրոպա համաձայնագիր կը կնքէ Ալիեւի հետ ու զայն կը դասէ ռազմավարական գործընկերներու շարքին»,– ըսած են եւրոպացի երեսփոխանները։

Եւրոերեսփոխան Ֆրանսուա-Զավիէ Պելամի արդարօրէն հարցում ուղղած է, թէ ինչո՞ւ Ուքրաինայի դէմ Փութինի յարձակումը կը պատժուի, իսկ Ալիեւի արարքները անպատիժ կը մնան։

“Ինչպէ՞ս կրնաք արդարացնել կազի ներածումը Ազերպայճանէն։ Ինչպէ՞ս կրնաք արդարացնել համագործակցութիւնը ոճրագործներու հետ, որոնք զազրելի ոճիրներ կը գործեն։ Միթէ  նոյնքան անընդունելի չէ՞ կազ ստանալ Պաքուէն, որքան՝ Ռուսաստանէն։ Նոյն բանը չէ՞”, – ընդվզումով հարց տուած է ֆրանսացի երեսփոխան Պելամի։

Բանաձեւի համահեղինակ Միրիամ Լեքսման (Սլովաքիա) պնդած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յստակ պայմաններ դնէ Պաքուի առջեւ եւ երաշխաւորէ Արցախի հայերու իրաւունքները եւ յատկապէս անոնց վերադարձի իրաւունքը։

“Ատոր փոխարէն մենք կրկին կը հաճոյանանք բռնապետին ու կը պարգեւատրենք Ալիեւի վարչակազմը՝ անոր հետ առեւտուրը ընդլայնելով։ Ժամանակն է դադրեցնելու երազանքները ռազմավարական համագործակցութեան մասին։ Պէտք է առերեսիլ իրականութեան հետ եւ գործել մեր արժէքներուն ու սկզբունքներուն համապատասխան”,– շեշտած է Լեքսման ։

Հակառակ Պաքուի հաւաստումներուն, թէ ազատազրկուած հայերու իրաւունքները ամբողջութեամբ կը պաշտպանուին, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը կ՚ընդգծէ, որ անոնք կ’ենթարկուին անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերումի, այդ կարգին՝ արգիլուած հոգեմէտ միջոցներով։

«Անկախ կառոյցները անկարող են հետեւելու այդ շինծու դատավարութիւններուն, Պաքու այս պայմաններուն մէջ նաեւ Կարմիր խաչի գործունէութիւնը կը դադրեցնէ»,– յայտարարած են երեսփոխանները՝ յորդորելով, որ գոնէ Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած եւրոպացի դեսպանները այցելեն հայ գերիներուն։

Հարկ է նշել, թէ բանաձեւը փաստօրէն, մի՛այն խորհրդատուական նշանակութիւն ունի եւ պարտադիր չէ գործադրութեան համար, դժբախտաբար։