Այց մը հարաւային ֆրանսա

2024 Յու­նիս 2-ին, Թու­լո­նի «Ապ­րիս Գլէօպ»-ի ատե­նապե­տու­հի Մա­րիզ Գրի­գորեանի եւ «Գամ­փինկ Սու­լէ­նիա Ար­ժանթիէր»-ի սե­փակա­նատէր Ժագ Կա­զերեանի հրա­ւէրով՝ հրա­տարա­կիչ Արա Գրի­գորեան եւ ստո­րագ­րեալս գտնուեցանք Գո­կոլէն քա­ղաքը (Վառ նա­հանգ) ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար «Հա­յերը ֆրան­սա­կան հո­ղին վրայ»* հա­տորս, լոյս տե­սած Նո­յեմ­բեր 2023-ին:

Երե­սու­նէ աւե­լի ներ­կա­ներուն, եկած այլ քա­ղաք­նե­րէն, հրա­տարա­կիչը եւ ես տուինք տե­ղեկու­թիւններ գրքին մա­սին: Ինչպէ՞ս գա­ղափա­րը ծա­գած է, ի՞նչ տե­ղեկու­թիւններ կը պա­րու­նա­կէ, ո՞ր հանգրուան­նե­րէն անցնե­լով հա­սած ենք այ­սօ­րուան վի­ճակին: Լու­սանկար­նե­րու օգ­նութեամբ ներ­կա­ներուն ցու­ցադրե­ցի զա­նազան նիւ­թե­րէ օրի­նակ­ներ, ինչպէս` Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիրուած կո­թող­ներ, դի­մադ­րա­կան­ներ (Մա­նու­շեան եւ ու­րիշներ), յայտնի անձնա­ւորու­թիւններ` զա­նազան բնագաւառնե­րու մէջ համ­բաւի տիրացած, հայ կղե­րական­ներ` Աս­տուածա­շունչը տա­րածած ֆրան­սա­յի մէջ, հե­տաքրքրա­կան վայ­րեր եւ վեր­ջա­ւորու­թեան նմուշներ՝ հա­րաւա­յին ֆրան­սա­յի այս շրջա­նին մէջ գտնուող հայ­կա­կան հետ­քե­րէն: Հա­ւաքոյ­թը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ հիւ­րա­սիրու­թեամբ եւ գիր­քի ձօ­նագ­րութեամբ: 

Սէն Թրոփէի խաչքարը

Նոյն օրը, Արա Գրի­գորեանի հետ այ­ցե­լեցի Սէն Թրո­փէ քա­ղաքի խաչ­քա­րը, զե­տեղուած՝ Յու­լիս 2021-ին: Կո­թողը նուիրուած` հա­յոց եւ միւս ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու ան­մեղ զո­հերուն, գործն է Րաֆ­ֆի Թու­մա­նեանի եւ զե­տեղուած՝ տեղ­ւոյն հայ­կա­կան միու­թեան (AGST) ջան­քե­րով**:

Յա­ջորդ օրը վե­րադար­ձի ճամ­բուն կը հաս­նիմ Հիէռ քա­ղաքը: Տե­ղեակ էի որ սոյն քա­ղաքի գլխա­ւոր գե­րեզ­մա­նատան*** մէջ կը գտնուի 2-րդ Աշ­խարհա­մար­տին Ֆրան­սա­յի ազա­տագ­րութեան հա­մար զո­հուած հայոր­դի­ներու շի­րիմը: Այսպէս, 1944 Օգոս­տոս ամ­սուան, հա­րաւա­յին Ֆրան­սա­յի ազա­տագրութեան պայ­քարնե­րուն իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րած են սո­վետա­կան Կար­միր բա­նակի Հայ զի­նուոր­նե­րը: Գե­րի ին­կած այս զի­նուոր­նե­րը պէտք է կռուէին գեր­մա­նական բա­նակի շար­քե­րուն մէջ եւ սա­կայն կրցան փախ­չիլ եւ միանալ Ֆրան­սա­կան դի­մադ­րա­կան­նե­րու խմբա­կին: Իրենց մար­միննե­րը ամ­փո­փուած են տեղ­ւոյն հայ հա­մայնքի ջան­քե­րով կա­ռու­ցուած դամ­բա­րանի մը մէջ, որուն բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է յա­տուկ արա­րողու­թեամբ 1952 Օգոս­տոս 21-ին: Գե­րեզ­մա­նատան բար­ձունքին վրայ գտնուող դամ­բա­րանի յու­շա­քարը խա­չին տակ ու­նի հե­տեւեալ ար­ձա­նագ­րութիւ­նը (առանց փո­փոխու­թեան) ֆրան­սե­րէն եւ հա­յերէն: 

LES SOLDATS ARMÉNIENS MORTS 

POUR LA LIBÉRATION DE LA FRANCE AOÛT 1944

ՀԱՅ ԶԻՆՒՈՐՆԵՐՆ ՈՐՕՆՔ ԸՆԿԱԾ ԵՆ 

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԶԱՏԱԿՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ 1944 ՕԳՕՍՏՕՍ 

LNT   MARTIROSIAN SUREN

MANASIAN BOUGDAN

MATASIAN GOLIA

MINASIAN MEDSEN

OLANESIAN VARRO

ZAKARIAN KERASINE

ET LEURS HUIT CAMARADES INCONNUS

Հիէռի գլխաւոր գերեզմանատան մէջ՝ հայ զինուորներու դամբարանը

Կայ նաեւ մուտքին մօտ ու­րիշ յու­շա­կոթող մը զե­տեղուած քա­ղաքա­պետա­րանին կող­մէ, ի յի­շատակ բո­լոր անոնց որոնք զո­հուած են Օգոս­տոս 1944-ին Ֆրան­սա­յի ազա­տագ­րութեան հա­մար, որուն մէջ կը յի­շուին նաեւ Հայ զո­հերը:

ՀՐԱՆԴ ՆՈՐՇԷՆ ■

______

* Les Arméniens en terre de France – Editions Kirk-publishing 

** Près du cimetière marin – rue de Cavaillon  83990  ST. TROPEZ

*** Cimetière de la Ritorte – le Carré Raphaël  – Chemin de la Ritorte 83400 HYÈRES

 

Լուսանկարները՝ Հրանդ Նորշէնի