«Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մանէ Թանդիլեան, որ Մարտ 1-էն ի վեր հացադուլի մէջ էր որպէս զօրակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանին, Մարտ 12-ին «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ վերջինիս ընտանիքին խնդրանքով կը դադրեցնէ արարքը։
Ան նշած է, թէ վերջին երկու օրերու ընթացքին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ ու քրոջ հետ, որոնք յորդորած են դադրեցնել հացադուլը։
“Մենք խոստացանք, որ պիտի դադրեցնենք հացադուլը։ Միայն անոնք որոնք ուղեղով տկար են, չեն տեսներ թէ ի՛նչ կ՚ընէ Ռուբէն Վարդանեան, մնացեալ մարդիկ կը տեսնեն։ Հայ ժողովուրդի արժանապատւութիւնը կը վերականգնի, բայց մենք բոլորս սուղ գին պիտի վճարենք ատոր համար”,– յայտարարած է Մանէ Թանդիլեան ու սփռած Ռուբէն Վարդանեանի քրոջ՝ երգահան, բարերար Մարինա Ալեսի խնդրանքին ձայնագրութիւնը։
Նշենք, թէ Մանէ Թանդիլեանի հետ Մարտ 1-էն ի վեր հացադուլի մէջ էին նաեւ երկու քաղաքացիներ՝ Վարդան Աւագեան եւ Արտաւազդ Ալավերդեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։