Search
Close this search box.

Գիւմրիի դարբնութեան աւանդութիւնը ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ

Քասանէ (Պոթսուանա) քաղաքին մէջ ընթացող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 18-րդ նստաշրջանին որոշում կայացուած է Գիւմրիի դարբնութեան աւանդութիւնը ներառել Կազմակերպութեան՝ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հայաստանի մէջ դարբնութիւնը տարածուած արհեստներէն եղած է, որ իր ծաղկուն շրջանը ապրած է Գիւմրի, 19-րդ դարուն։ Սերունդէ-սերունդ փոխանցուող այս ազգային աւանդութեան արձանագրութիւնը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներկայացուցչական ցանկին վրայ առանցքային նշանակութիւն ունի անոր կենսունակութեան ապահովման, արժեւորման եւ լայն հանրութեան ծանօթացման առումով

Ազերիները դուդուկն ալ «բռնագրաւած» են

Միւս կողմէ սակայն ԻՒՆԷՍՔՕ տեղի տալով ազերպայճանական նոր մէկ խարդաւանանքի՝ հայկական դարաւոր դուդուկը, որ իբրեւ հայկական աւանդական նուագարան ինք իսկ 2008-ին ներգրաւած էր վերոնշեալ ցանկին մէջ, հիմա ալ որպէս ազերպայճանական արձանագրած է։  

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առնչութեամբ X-ի իր հաշիւին կը գրէ. «Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ մէջ պատրաստուող բազմազգեան մշակոյթի նուագարանի՝ պալապան/մեյի (դուդուկի – «ՆՅ») արուեստն ու անոր առնչուող արհեստագործութիւնը արձանագրուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ, Կազմակերպութեան միջկառավարական խորհուրդի Քասանէի մէջ գումարուած 18-րդ նստաշրջանին»։

Ինչպէս X-ի հայ օգտատէր մըն ալ, որպէս հակազդեցութիւն այս լուրին, արդարօրէն կը թելադրէր, ԻՒՆԷՍՔՕ-ն աւելի ճիշդ քայլ մը կատարած պիտի ըլլայ եթէ իր այդ ցանկին մէջ իբրեւ ազերպայճանական ժառանգութիւն արձանագրէ «սուտ»-ը։