Հայաստան գտնուող Իրանի խորհրդարանի բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը Յունուար 14-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
Հիւրերը դիմաւորած է Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէնուհի Լուսինէ Աբրահամեան եւ ներկայացուցած յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: Ան անդրադարձած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին անցեալ դարավերջին Ազերպայճանի Սումկայիթ, Կիրովապատ (Գանձակ), Պաքու քաղաքներուն մէջ ազերպայճանական կառավարութեան կազմակերպած կոտորածներուն զոհ գացած հայերու յիշատակին տեղադրուած երեք խաչքարերու եւ Արցախեան գոյամարտի տարիներուն Յուշապատի դիմացը յուղարկաւորուած հինգ ազատամարտիկներու պատմութիւններուն՝ շեշտելով կապը տեղի ունեցածի եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:
Իրանի խորհրդարանականները ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։