Ռուբէն Վարդանեան դադրեցուցած է հացադուլը

Ռուբէն Վարդանեան ընտանիքին հետ հեռառաձայնային զրոյցին  երկու ձայնային ուղերձ է փոխանցած է. մէկը հրապարակուելու համար Մարտ 13-ին, իսկ միւսը՝ խնդրած է հրապարակել յառաջիկայ Կիրակի օր: Վարդանեան նաեւ յայտնած է, թէ յաջորդ անգամ կը խօսի դատական եզրափակիչ նիստին, բայց մի՛այն այն պարագային, եթէ հոն ներկայ ըլլան  միջազգային ներկայացուցիչներ:

Իր յղած ձայնային ուղերձին մէջ Ռուբէն Վարդանեան յատկապէս նշած է, թէ իր հացադուլը ոչ միայն բողոքի, այլեւ անարդար դատավարութեան եւ ընդհանուր իրավիճակի վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու միջոց մըն էր: Վարդանեան յայտարարած է թէ կը դադրեցնէ հացադուլը։

“Հացադուլ յայտարարելու համար ես մի քանի նպատակ ունէի. 

– ցոյց տալ, որ չկայ իրական դատավարութիւն, այլ  կ՚իրականացուի ձեւական դատ, 

– ցոյց տալ, որ հոս միայն զիս չեն դատեր, այլ կը դատեն բոլոր հայերը եւ Հայաստանի պետութիւնը, 

– ցոյց տալ, թէ ի՛նչ գին պէտք է վճարէին անոնք, որոնք կը փափաքէին մնալ ու ապրիլ Արցախի մէջ”,– ըսած է ան:

Արցախի նախկին Պետական նախարարը ընդգծած է, թէ վերջին դատական նիստը (Մարտ 12-ին) պայծառ օրինակ մըն էր, թէ ինչ տեղի կ’ունենար, եթէ արցախցիները մնային իրենց տան մէջ: “Այդ նիստին Ստեփանակերտի մէջ ապրող երկու արցախահայ իմ դէմ ցուցմունք տուին՝ ի միջի այլոց պնդելով զանազան անհաւանական բաներ: Անոնք իրենց կեանքին մէջ զիս չեն ալ տեսած, բացի ատկէ, անոնք իրենք կը գտնուէին սարսափելի վիճակի մէջ, բայց յամենայն դէպս, հանդէս եկան դատարանին մէջ եւ ես իրենց շատ խղճացի”,– նշած է Վարդանեան եւ շարունակած. “Այսօր հոս ցուցմունք կու տայ Արցախի նախկին նախագահը, իսկ Արցախի օրինաւոր նախագահը կը գտնուի Հայաստանի մէջ, եւ այդ, հաւատացէք, մեծապէս կը փոխէ իրավիճակը եւ այն խօսքերուն կշիռը, որոնք հոս կ՚ըսուին նախկին նախագահին կողմէ”: 

Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ զարմացած է Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան՝ «արցախցիներու նկատմամբ խոր ատելութենէն»: “Արցախը կորսնցնելով՝ յառաջիկայ տարիներուն մենք պիտի կորսնցնենք նաեւ Հայաստանը, եթէ արմատապէս չփոխենք մեր վերաբերումը այնպիսի հասկացողութիւններու նկատմամբ, թէ ի՛նչ է վերնախաւը, իշխանութի՛ւնը, պետութի՛ւնը եւ թէ ո՛վ պէտք է մեզ ղեկավարէ: Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդին մէջ մենք ունինք առողջ ուժեր եւ թէ այս ծանր տագնապը մենք պիտի յաղթահարենք, ինչպէս որ ըրած ենք բազմաթիւ անգամներ մեր պատմութեան ընթացքին եւ պիտի կարողանանք ոչ միայն պարզապէս ապրիլ, այլեւ՝ արժանապատի՛ւ ապրիլ մեր հայրենիքին մէջ”,– իր ուղերձին մէջ յայտնած է Ռուբէն Վարդանեան: