Հոկտեմբեր 11-ին, Մոնթէվիտէոյի «Սոլիս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, թատերական արուեստի զարգացման իր ներդրումին համար Ուրուկուայի ամէնէն ծանօթ դերասաններէն՝ հայազգի Լեւոն Պուռունսուզեանին շնորհուած է «Մոնթեվիտէոյի պատուոյ քաղաքացի» կոչումը, ձեռամբ քաղաքապետ Մաուրիսիօ Սունինոյի։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուած եւ դերասանը շնորհաւորած են դեսպան Մարիամ Գէորգեան եւ հիւպատոս Գոհար Մինասեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։