Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները Համակարգող խորհուրդը (CCAF)՝ Փարիզի փաստաբաններու պալատի եւ Պատժական միջազգային ատեանի (ՊՄԱ) փաստաբան Սեւակ Թորոսեանի միջոցով դիմեց ՊՄԱ-ի դատախազին։
Դիմումին մէջ կը նշուի.
«Ազերպայճանի լայնածաւալ զինուորական յարձակումը Արցախի բնակչութեան դէմ՝ 2020 Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ 2023 Հոկտեմբեր 4, պատճառ դարձաւ 120.000 հայերու տեղահանութեան եւ անոնց հազարամեակներու քաղաքակրթութեան ժառանգութեան կորուստին:
Բազմաթիւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ ՊՄԱ-ի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, բոլորն ալ ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ պատերազմական ոճիրներու մեղադրանքներ առաջադրեցին՝ ի տես Ազերպայճանի իշխանութիւններու կատարած վայրագութիւններուն:
CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան վերջերս դիմեցին Ֆրանսայի կառավարութեան՝ անոր կոչ ընելով դիմելու ՊՄԱ-ին՝ քննութեան ձեռնարկելու համար Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ:
Ամբողջ Արեւմուտքը առայժմ խիզախութիւն չէ ցուցաբերած։
1915-էն ի վեր երկրորդ անգամն է, որ հայերը դէմ-յանդիման կը գտնուին արդարութեան այսպիսի ժխտումի մը: Այս իրավիճակը անընդունելի է: ՊՄԱ-ի կոչումն է չէզոքացնել ցեղասպան ղեկավարները եւ վերջ դնել ժխտումի բոլոր ձեւերուն:
Հետեւաբար, հիմնուելով Հռոմի կանոնադրութեան 15-րդ յօդուածին վրայ, Լա Հէյի դատախազէն կը պահանջուի.
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։