Ալիեւի օգնական. «Երեւան պէտք է ցոյց տայ իր խաղաղ մտադրութիւնները՝ յանձնելով ռազմական յանցագործութիւններով մեղադրուողները, որոնք թաքնուած են Հայաստանի մէջ» 

Մինչ հայաշխարհը կը պահանջէ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու, ի շարս որոնց Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ազատ արձակումը, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ X-ի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով կ՚ըսէ, թէ Երեւան պէտք է ցոյց տայ իր խաղաղ մտադրութիւնները՝ յանձնելով «ռազմական յանցագործութիւններով մեղադրուողները», որոնք «թաքնուած» են Հայաստանի մէջ։

«Ազերպայճանի մէջ ընթացող դատավարութիւնը լուրջ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան՝ մղելով զանոնք դատավարութեան դէմ նոր քարոզչական արշաւ սկսելու՝ միջամտելով Ազերպայճանի ներքին գործերուն։ Դատավարութեան դէմ անհարկի քարոզչութիւն ընելու փոխարէն Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է համագործակցի դատական գործընթացին հետ՝ օգնելու տարածաշրջանին մէջ արդարութեան վերականգնման եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման։

Հայաստան, խաղաղութիւն հաստատելու եւ Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու մէջ նոր փուլ սկսելու իր իրական մտադրութիւնը, ի շարս այլ բաներու, ցոյց պէտք է տայ պատրաստակամութիւն դրսեւորելով, ընդունելով իր պատասխանատւութիւնը եւ յանձնելով ռազմական յանցագործութիւններով մեղադրուողները, մասնաւորապէս անոնք, որոնք ներկայիս կը թաքնուին Հայաստանի մէջ։ Անհրաժեշտ են իրական քայլեր արդարութեան եւ խաղաղութեան համար»,– գրած է ան։