Ալիեւ.– «Ազերպայճանական բանակը արդէն Լաչին հաստատուած է»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է.– 

«Այսօր՝ Օգոստոս 26-ին, մենք՝ Ազերպայճանցիներս, վերադարձանք Լաչին (Բերձոր) քաղաքը։ Ազերպայճանական բանակը հաստատուած է Լաչին։ Զաբուխ (Աղաւնոյ) ու Սուս գիւղերը վերահսկողութեան տակ են։ Այս առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր լաչինցիներն ու Ազերպայճանի ժողովուրդը»։